Բակօ Սահակեան Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Աւստրալիոյ Հայ Դատին Եւ Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգին

By Asbarez | Monday, 29 October 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան շնորհակալութիւն յայտնած է Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգին:

Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ  Գահրամանեանի հետ հաստատուած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդի  ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման աջակցելուն համար:

«Մենք շնորհակալութիւն ենք յայտնում Հայ Դատի յանձնախմբին  եւ բոլոր նրանց, ովքեր մասնակցել են  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչմանը: Մենք  համոզուած ենք, որ  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանն աջակցելուն ուղղուած ջանքերը  կը շարունակուեն նաեւ ապագայում», յայտարարած է Սահակեան:

Իր կարգին Գահրամանեան նախագահ Սահակեանին վստահեցուցած է, որ յանձնախումբը եւ ամբողջ աշխարհին մէջ կազմակերպութեան ցանցը պիտի շարունակեն Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման նպատակով աշխատանքները։

comments

Advertisement