Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը Բողոք Յղած է Հայալեզու Ռատիօհաղորդումներու Ժամանակի Կրճատման Դէմ

By Asbarez | Thursday, 21 March 2013

Ըստ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին՝ Աւստրալիոյ բազմամշակոյթ եւ բազմալեզու հեռարձակման ընկերութիւնը որոշում ընդունած է կրճատելու հայերէն ռատիօհաղորդումներուն ժամերը:

Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է Աւստրալիոյ հայութեան առցանց դիմումնագիրներ յղելու՝ կանխելու համար աւստալիական յատուկ հեռարձակման մատակարարին որոշումը՝ հայալեզու ռատիօհաղորդումներու ժամերու կրճատման:

Ընկերութիւնը իր որոշումը կը հիմնաւորէ ըսելով, թէ վերջին մարդահամարի ընթացքին արձանագրուած են քիչ թիւով հայեր, ուստի այլեւս նպատակայարմար չեն հայալեզու հաղորդումներուն յատկացուող ժամերը:

Դիմումին մէջ նշուած է. «Սոյն որոշումը շատ կը սահմանափակէ այն ունկնդիրներուն իրաւունքները, որոնք չեն կրնար օգտուիլ թուայնացուած ծրագիրներէն կամ համացանցէն, նաեւ՝ առաջարկուած ժամերուն անոնք աշխատանքի վայր կ՛ըլլան:

Հայերէնով հեռարձակուող ռատիօհաղորդումները շաբաթը երեք ժամէն մէկ ժամ կրճատելու ձեր որոշումը հիմնուած է Աւստրալիոյ վերջին մարդահամարի տուեալներուն վրայ: Սակայն մարդահամարը չարտացոլեր Աւստրալիոյ հայ համայնքի անդամներուն իրական թիւը, քանի որ հարցաթերթիկին մէջ չկայ հայութիւնը իբրեւ ազգ նշելու հնարաւորութիւն: Այս կամայական որոշումը բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ռատիօունկնդիրներուն վրայ: «Յատուկ հեռարձակման մատակարար»ը սոյն որոշումը կայացնելու ընթացքին հաշուի չէ առած աւստրալահայ համայնքի անդամներուն շահերը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք անմիջապէս ետ կանչելու այս անտրամաբանական որոշումը եւ վերականգնելու հայերէնով հեռարձակուող հաղորդումներուն ժամերը»:

1976էն ի վեր «Յատուկ հեռարձակման մատակարար»ին կողմէ հեռարձակուող հայերէն ռատիօհաղորդումները տեղեկատուութեան կարեւոր աղբիւր եղած են տեղի հայ համայնքին համար:


comments

Advertisement