Հայ Օգնութեան Միութեան Անդամուհիներ, Արտասահմանի Տարբեր Երկիրներէն, Այցելեցին Գօլստըն Ճեմարան

By Նորա Սեւակեան - armenia.com.au | Wednesday, 27 March 2013



Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Մարտ 1- 15 տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի 2013 Սեմինար Շրջապտոյտը, մասնակցութեամբ արտասահմանի տարբեր գաղութներէ ժամանած ՀՕՄուհիներու: 

Շրջապտոյտի ընթացքին անոնք մասնակցեցան երկօրեայ սեմինարի մը , որ տեղի ունեցաւ Գօլստըն Ճեմարանի Նալպանտեան սրահէն ներս, ինչպէս նաեւ այցելեցին Սիտնիի տեսարժան ու պատմական վայրերը: Հինգշաբթի Մարտ 7-ին այցելու խումբը ընկերակցութեամբ  ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Վիգի Մարաշլեանին Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչական ՀՕՄուհիներուն այցելեցին նաեւ Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարան, մօտէն ծանօթանալու ճեմարանին, աշակերտներուն եւ անկէ ներս կատարուած աշխատանքներուն: 

Ճեմարանի պաշտօնէութիւնը ջերմօրէն ողջունեց այցելու ՀՕՄ-ուհիները, որոնք Տնօրէն Պրն. Ն. Պասմաճեանի առաջնորդութեամբ բարձրացան Նալպանտեան սրահ, ուր ծնողներ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին զիրենք: Ճեմարանի կրթական վերակացու Տիկ. Գարօլին Պլանտըն նախ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ յայտնեց թէ իսկապէս այս օրը յատուկ օր մըն էր բոլորին համար: Ապա ան հրաւիրեց ճեմարանի աշակերտները որպէսզի ներկայացնեն գեղարուեստական յայտագիր մը ճոխ երգերով, արտասանութիւններով եւ թատերական երգախաառն ներկայացում մը:



Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ, յուզմունքի եւ ուրախութեան արցունքները միախառնած ու բուռն ծափահարութիւններով ընկալեցին աշակերտական այս ելոյթը, անդրադառնալով որ նոյնիսկ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ կարելի էր հայ երգն ու խօսքը վառ պահել երբ կայ հայ մնալու եւ հայ ապրելու զօրաւոր կամք ու ցանկութիւն, երբ կայ հայկական վարժարան ու հայ ուսուցիչ որ հայ գրականութեան հետ միատեղ սերունդներուն մէջ կը սերմանեն հայրենասիրութիւնն ու ազգային հպարտութիւնը: 

Աշակերտական ելոյթին յաջորդեց տնօրէն պրն. Նշան Պասմաճեանի խօսքը, որ կրկին անգամ բարի գալուստ մաղթեց հիւր ՀՕՄ-ուհիներուն եւ յայտնեց ճեմարանի կազմին երախտագիտութիւնը հանդէպ ՀՕՄ-ին անոր Ճեմարանին  թիկունք կանգնելուն եւ զօրակցութեան համար: Ապա ան աշակերտութեան ներկայացուց ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Վիգի Մարաշլեանը եւ հրաւիրեց զինք որ իր պատգամը փոխանցէ:

Տիկին Մարաշլեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտութեան եւ ճեմարանի կազմին որ որպէս հարազատներ ընդունեցին ՀՕՄուհիները : Ան մեծապէս գնահատեց ներկայացուած բացառիկ ելոյթը եւ դրուատեց աշակերտներն ու ուսուցիչները տարուած բարձրորակ աշխատանքին համար: Տիկ. Մարաշլեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայ Օգնութեան Միութեան եւ անոր կառոյցներուն, կազմակերպչական աշխատելաձեւին եւ գործընթացին շուրջ: Ան բացատրութիւն տուաւ ՀՕՄ-ի գործադրած բարեսիրական եւ մարդասիրական ծրագիրներուն մասին եւ քաջալերեց աշակերտները որ միշտ զօրակցին եւ օժանդակեն անոր առաքելութեան:

Աշակերտները հետաքրքրութեամբ լսեցին Տիկ. Մարաշլեանը, որմէ ստացան շատ մը գիտելիքներ եւ տեղեկութիւններ:Տեղի ունեցաւ նաեւ թեյասեղանի հիւրասիրութիւն ծնողաց յանձնախումբի պատրաստութեամբ, որմէ ետք հիւրերը այցելեցին ճեմարանի դասարաններն ու աշխատասենեակները:Անմոռանալի այս օրը իր աւարտին հասնելով, հիւրերը հրաժեշտ տուին աշակերտներուն, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ կրթական այս հայաբոյր հաստատութեան:

Ստորեւ՝ Տիկ. Վիգի Մարաշլեանի տպաւորութիւնները արձանագրուած ճեմարանի այցելուներու յուշամատեանին մէջ:

<<Այսօր մեզի համար մեծ հպարտութիւն է ներկայ գտնուիլ եւ վայելել աշակերտութեան կողմէ ներկայացուած թատերգութիւնը, երգերը եւ արտասանութիւնները: Հայութիւն կը ծորէր ամէն բառի հետ: Աշխարհի չորս կողմերէն այսօր ներկայ եղան մեզի հետ միանալու Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի Շրջանայինի կազմակերպած սեմինարին:Կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւն դպրոցի աշխատանքներուն եւ փայլուն ապագայ:>> - Վիգի Մարաշլեան

comments

Advertisement