By Asbarez | Wednesday, 17 July 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Աւստրալիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին նահանգը հանդիսացող Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանական եօթը հոգինոց պատուիրակութիւնը 16 Յուլիսին այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցած է նահատակներու յիշատակին՝ ծաղիկներ զետեղելով անմար կրակին շուրջ:
Ապա աւստրալացի խորհրդարանականները այցելած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր շրջագայելէ եւ փաստաթուղթերուն ու վաւերագրութիւններուն ծանօթանալէ ետք արձանագրութիւններ կատարած են հիւրերու յատուկ յուշամատեանին մէջ:
Նշենք, որ այցելութեան ծիրին մէջ պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ ունեցած են Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանին եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին հետ: Քննարկուած են Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ հետագայ համագործակցութեան ամրապնդման հարցեր, հայկական կողմը բարձր գնահատած է Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Աւստրալիոյ, յատկապէս Նիւ Սաութ Ուէյլզի ցուցաբերած դրական վերաբերումը։
comments