Համազգային Աւստրալիոյ շրջանի 16-րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ Սիտնիի մէջ

By armenia.com.au | Sunday, 22 September 2013

Համազգային Հայ Մշակութային ու Կրթական Միութեան Աւստրալիոյ շրջանի 16-րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ Սիտնիի մէջ, Յուլիս ամսուան ընթացքին։

Ժողովին մասնակցութիւն բերին Համազգայինի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները, Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի, պարի միաւորի, ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ խորհրդակցական հանգամանքով շարք մը անդամներ։

Ժողովը լսեց շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը  եւ գտաւ յոյժ գնահատելի։

Ժողովը քննարկեց նաեւ թէ ինչպիսի մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի Համագայինը իր մշակութային ու կրթական գործունէութեան ընթացքին եւ մշակեց այդ մարտահրաւէրները դիմակալելու ապագայ գործունէութեան ծրագիր։

Ժողովը որոշեց պարտականութիւն տալ նորընտիր Շրջանային վարչութեան, որ շարունակէ զարկ տալ մշակութային ու կրթական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ շարունակել համագործակցութիւնը ազգային այլ կառոյցներու հետ։

Տրուած ըլլալով որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը կը մօտենայ, ժողովը պարտականութիւն տուաւ նորընտիր Շրջանային վաչութեան, որ Համազգայինը իր կարողականութիւնը տրամադրէ 100 ամեակի միացեալ յանձնախումբին, որպէսզի տօնակատարութիւնները առաւելագոյն չափով ժողովրդային բնոյթ ստանան։

Ժողովը յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայ դպրոցի կարեւորութեան ու թելադրեց որ նորընտիր վարչութիւնը շարունակէ նոյն թափով զօրավիգ կանգնիլ Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանին եւ միութեան միօրեայ վարժարաններուն։

Ժողովը դրականօրէն լսեց Համազգային Գօլստըն ճեմարանի յառաջդիմութիւնն ու յաջողութիւնները, եւ հաստատեց թէ Համազգային Գօլստըն ճեմարանը կենսական դերակատարութիւն ունի գաղութի ապագայ ազգային դիմագիծի կերտման ու պահպանման համար։ 

Ժողովը իրազեկ դարձաւ Շրջանային վարչութեան ու ճեմարանի խնամակալութեան կողմէ, Ճեմարանի նիւթական դժուարութիւններու յաղթահարման հնգամեայ ծրագրին, որուն մասնակցութիւն կը բերեն ազգային կառոյցներ ու հայ գործատէրեր։ Ժողովը ընդունեց այս ծրագիրը։

Ժողովը իր աշխատանքի աւարտին ընտրեց նոր շրջանային վարչութիւն յաջորդ երկու տարուայ համար՝ հետեւեալ կազմով։ 

Ատենապետ           Ընկեր Ասատուր Շուկայեան  
Քարտուղար           Ընկերուհի Ատէլ Գրաճեան
Գանձապահ           Ընկեր Վահիկ Յարութիւնեան
Խորհրդական           Ընկերուհի Սիլվա Նազարեան
Խորհրդական           Ընկեր Յակոբ Կիւլիւմեան


- Համազգայինի Աւստրալիոյ 16-րդ Շրջանային ժողովի դիւան

comments

Advertisement