Աւստրալիոյ մէջ հիմնուեցաւ Արմենիա Մետիա Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Ընկերակցութիւնը

By armenia.com.au | Monday, 10 February 2014



Սիտնի. Աւստրալիոյ ՀՅԴի, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներէն կազմուած Միացեալ Մարմինը կը հաղորդէ կազմութիւնըԱրմենիա Մետիա նոր մամլոյ եւ տեղեկատուական Ընկերակցութեան:

Յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին Արմենիա Մետիա-ն Հայ համայնքին մատչելի պիտի դարձնէ աննախընթաց եւ երկլեզու տեղեկատուական միջոցներ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ տեղեկանալ լուրերու , կարծիքներու եւ դէպքերու ՝ Աւստրալիայէն , Հայրենիքէն եւ Հայկական Սփիւռքէն:

Արմենիա Մետիա-ն պիտի ներառէ ՝ Armenia Online ը, Արմենիա Բջիջայինը, Արմենիա Ամսաթերթը (ներկայ Արմենիա երկշաբաթաթերթի բարեփոխուած տարբերակը), Արմենիա Հեռատեսիլը եւ Արմենիա Ռատիօ-ն (ներկայ Սարդարապատի Ձայն Ռատիօ կայանի նոր տարբերակը):

Վերոյիշեալ բաժիններուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցուին Արմենիա Մետիա-ի հիմնադրման առթիւ տեղի ունենալիք պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին ՝ Մայիս 2014:

Ընկերակցութիւնը կեանքի կոչելու համար յառաջացած է հիմնադիր խնամակալ մարմին յանձինս ՝
Քայլար Միքայէլեանի – Ատենապետ
Նորա Սեւակեանի - Ատենադպրուհի
Նարբէ Հակոբեանի - Գանձապահ
Կարինէ Առաքելի - Խորհրդական
Բաբիկ Չաքմաքճեանի - Խորհրդական
Վիգէն Քորթեանի - Խորհրդական
Հայկ Գայսէրեանի - Խորհրդական

«Արմենիա Մետիա-ի հիմնադրութիւնը եւ անոր զանազան բաժիններուն հետզհետէ ստեղծումը պատմական նշանակութիւն պիտի ունենան Աւստրալահայ գաղութին համար». յայտարարեց Արմենիա Մետիա-ի խնամակալ մարմնի ատենապետ Քայլար Միքայէլեան:

Ան աւելցուց ըսելով ՝ «Մեր նպատակն է , մեր գաղութի զաւակները աւելի եւս իրարու մօտեցնել ու անոնց տեղեկատուական ծարաւը յագեցնել ժամանակակից եւ արդի հաղորդամիջոցներով: Որպէս խնամակալ մարմին մեծ խանդավառութեամբ ու եռանդով սկսած ենք մեր գործունէութեան ՝ իրականացնելու համար համագաղութային այս հսկայ ծրագիրը: Այս աշխատանքի ընթացքին պիտի դիմենք մեր գաղութի կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնց աջակցութիւնը խիստ կարեւոր կը համարենք սոյն ծրագրի յաջողութեան համար»:

Խնամակալ մարմինը յառաջիկայ շաբաթներու եւ ամիսներու ընթացքին պիտի զեկուցէ Արմենիա Մետիա-ի աշխատանքներու զարգացման եւ հոլովոյթին մասին:

comments

Advertisement