Արմենիա Մետիա Ընկերակցութիւն. Կ'ուզուի Վարիչ Տնօրէն՝ Խմբագիր (կիսաժամ պաշտօնեայ)

By armenia.com.au | Tuesday, 18 February 2014

Սիտնի. Անցնող շաբթուայ ընթացքին Արմենիա Online –ը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց Աւստրալահայ գաղութին համար խիզախ նախաձեռնութեան մը մասին՝ ԱՐՄԵՆԻԱ  ՄԵՏԻԱ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ հիմնադրութիւնը:

Ընկերակցութիւնը այժմ կը հաղորդէ իր առաջին գործավարի պաշտօնին ծանուցումը:Ստորեւ կը գտնէք մանրամասնութիւնները: Հետաքրքրուողները  կրնան իրենց դիմումնագրերը յղել հետեւեալ ե-նամակին info@armenia.com.au.

-------------------------------------------

Արմենիա Մետիա Ընկերակցութիւն Կ'ուզուի

Վարիչ Տնօրէն՝ Խմբագիր (կիսաժամ պաշտօնեայ)

Արմենիա Մետիա Ընկերակցութիւնը  կարիքը ունի աշխոյժ եւ որակեալ մասնագէտի մը  ղեկավարելու իր նորաստեղծ տեղեկատուական ընկերակցութիւնը, որը կը նեռարէ Armenia Online-ը ( լուրերու եւ յօդուածներու կայքէջ), Արմենիա Բջիջայինը, Արմենիա Ամսաթերթը, Արմենիա Հեռատեսիլը (շաբաթական հեռահաղորդում You Tube-ի միջոցաւ) եւ Արմենիա Ռատիօ-ն ( շաբաթական ռատիօ զեկուցում):

Յաջող թեկնածուին աշխատավայրը պիտի ըլլայ Արմենիա Մետիա-ի Ուիլուպիի գրասենեակը : Անոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ՝

• Խմբագրել ( եւ ի հարկին վերստին գրել) եւ  հրապարակել տարբեր լրատուական աղբիւրներէ քաղուած Հայերէն եւ Անգլերէն լուրեր , օգտագործելի՝ Արմենիա online –ի կողմէ:

• Հրապարակել տեղական լուրեր Հայերէնով եւ Անգլերէնով, ներկայ գտնուիլ գաղութային եւ տեղական միջոցառումներու եւ անոնց մասին թղթակցութիւններ պատրաստել Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով:

• Պատրաստել եւ հրապարակելու պատրաստ դարձնել  Արմենիա Ամսաթերթի ամբողջացած օրինակը, արտատպելով եւ համադրելով Արմենիա online-էն քաղուած յօդուածներ եւ բովանդակութիւններ:

• Տնօրինել եւ դասաւորել Արմենիա Մետիա-ին համար գործող կամաւորներու  (գաղութի կազմակերպութիւններու կողմէ նշանակուած թղթակիցներու) ժամանակացոյցը, որպէսզի անոնք լաւագոյնս եւ ճշդուած ժամկէտին կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնները:

• Տնօրինել Արմենիա Մետիա-ի բոլոր բաժիններուն մէջ  գործող վճարովի եւ անվճար պաշտօնեաները,  եւ դասաւորել անոնց ժամանակացոյցը , որպէսզի անոնք ճշդուած ժամկէտին կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնները:

• Հակակշռի տակ պահելեւ լուծում գտնել  հեռաձայնային թէ նամակագրական  հարցերուն ու գանգատներուն:

• Կատարել  վարչական տարրական գործերը:

• Ապահովել նպատակայարմար գովազդային աղբիւրներ:

• Առաջնորդուիլ Արմենիա Մետիա-ի խմբագրական ուղեգիծով ու գործելաձեւով:

• Ներկայանալ եւ ընդհանուր աշխատանքային զեկոյց ներկայացնել Արմենիա Մետիա–ի խնամակալութեան հերթական ամսական եւ ըստ պէտքի գումարուած ժողովներուն եւ հանդիպումներուն:

Սոյն պաշտօնին համար նախատեսուած թեկնածուն պէտք է ունենայ  հետեւեալ կարողութիւններն ու վկայականները:

• Մետիայի / հաղորդակցութեան /լրագրութեան որակաւորում  կամ հարուստ փորձառութիւն:

• Գրական եւ խօսակցական Անգլերէն եւ Հայերէն լեզուներու տիրապետութիւն:

• Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով մեքենագրելու կարողութիւն (եւ կամ պատրաստակամութիւն ունենալու սորվելու Հայերէնով մեքենագրութիւն):

• Գործարք գլխաւորելու փորձառութիւն կամ կարողականութիւն:

• Կամաւորներու հետ աշխատելու կարողութիւն:

• Խմբական աշխատանք կատարելու ընթացքին այլոց հետ գործելու եւ հաղորդակցելու յատուկ կարողութիւն:

• Հմտոււթիւն համացանցի , “Word” ի եւ “Excel” ի գործածութեան մէջ:

• Ընկերային Մետիա-ին լաւատեղեակ ըլլաը օգտակար  է սակայն ոչ անհրաժեշտութիւն:

• Թեքնիքական փորձառութիւնը  օգտակար է սակայն ոչ անհրաժեշտութիւն:

• Վարիչ խմբագիրը  շաբաթական 20- 30 ժամ պէտք է տրամադրէ իր գործին համար , որոշ օրեր եւ ժամեր յարմարեցնելով գործի պահանջին:

Վճարելի  թոշակին գումարը  կախեալ պիտի ըլլայ թեկնածուի ունեցած փորձառութենէն ու կարողութիւններէն:

Դիմումնագիր կրնան ներկայացնել ամէն տարիքի եւ փորձառութեան տէր անհատներ. կ'ընդունուին նաեւ դիմումնագրեր համալսարանական ուսանողներէ, որոնք շուտով պիտի ամբողջացնեն իրենց ուսումը:

comments

Advertisement