Աւստրալիոյ Արմենիա Մետիա ընկերակցութիւնը կը ներկայացնէ՝ Արմենիա կայքէջ եւ Արմենիա բջիջային

By armenia.com.au | Thursday, 08 May 2014



Սիտնի – Արմենիա Մետիա ընկերակցութիւնը հրապարակեց իր կայքէջն ու բջիջային հեռաձայններու ծրագիրը (Application): Այս շաբթուայ ընթացքին ընկերակցութեան բաժիններէն յետագրգրական այլ բաժին մը եւս պիտի հրապարակուի:

Արմենիա կայքէջը , իր նոր պատկերով , պիտի ըլլայ գաղութիս մէջ գործող այն լրատուական աղբիւրը որմէ պիտի կարենաք տեղեկանալ Հայրենիքի , սփիւռքի եւ յատկապէս գաղութի վերջին լուրերու եւ իրադրձութիւններու մասին: Նոր կաքէջը օժտուած է ծանոցումներու յատուկ բաժինով որուն մէջ պիտի տեղադրուի միութիւններու ձեռնարկներու յայտարարութիւնները եւ գործատերերու ծանոցումները:

Կարեւոր լուրերու մասին պարբերաբար նամակներ պիտի ուղարկուին բոլոր գրանցուող անդամներուն:

Արմնիա Մետիա ընկերակցութեան բջիջային հեռաձայններու ծրագրին անունն է Armenia Mobile: Android եւ Apple համակարգը գործածողները պիտի կրնան ներբերել Armenia Mobile ծրագիրը իրենց գործիքներու համապատասխան բաժինէն (App Store կամ Google Play): Սոյն ծրագրի միջոցաւ պիտի ստանաք կարեւոր լուրերու մասին ազդագրեր (notification) ինչպէս նաեւ գաղութի ձեռնարկներու ժամանակ յատուկ յիշեցումի նամակներ (reminder): Ծրագիրը նաեւ ձեզ պիտի տրամադրէ ձեռնարկի մը վայրի քարտէսը աւելի դիւրացնելու համար ձեր ուղեւորութիւնը:

Կրնաք այցելել հետեւալ կայքէջը ստանալու համար Արմենիա բջիջայինի Android համակարգի յատուկ ծրագիրը: Նկատի ունենալով Apple ընկերութեան ծրագիրներու յատուկ քաղաքականութիւնը , Apple համակարգը գործածողներու համար , ծրագիրը մօտօրէն հասանելի պիտի ըլլայ:

«Արմենիա Մետիայի կայքէջն ու բջիջայինի ծրագիրը պիտի ըլլան հիմնական աղբիւրները որուն միջոցաւ Աւստրալհայ գաղութի անդամները պիտի ստանան գաղութային , ազգային եւ համաշխարհային վերջին լուրեր» ըսաւ Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան վարիչ խմբագիր՝ Ներսէս Պալիօզեանը: «Խմբագրակազմը հերթական ձեւով պիտի տեղադրէ լուրերը որոնք կը հետաքրքրէն Աւստրալահայ գաղութը» աւելցուց ան:

Արմենիա Մետիա ընկերակցութիւնը այս շաբթուայ ընթացքին նաեւ պիտ հրապարակէ , վաղուց սպասուած , Արմենիա հեռատեսիլի (Armenia TV) անդրանիկ հաղորդումը:

comments

Advertisement