Արմենիա հեռատեսիլի անդրանիկ հաղորդումը

By armenia.com.au | Friday, 09 May 2014

 

Սիտնի - Արմենիա Մետիա ընկերակցութիւնը կը ներկայացնէ , վաղուց սպասուած , Արմենիա հեռատեսիլը (Armenia TV) որ պարբերաբար պիտի հեռարձակուի YouTube յատուկ էջին մէջ ինչպէս նաեւ բաժանորդները առիթը պիտի ունենան ստանալու ամսուայ հաղորդումները յատուկ խտասալիկի մը մէջ:

Armenia TV-ի անդրանիկ հաղորդումին մէջ պիտի կարենաք դիտել հրապարակագիր՝ Պրն Յարութ Սասունեանի հետ Հայերէն լեզուով հարցազրոյց մը, Ցեղասպանութեան 99րդ ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան պատրասուած յատուկ տեսանիւթը , Քեսապահայութեան իրավիճակի մասին Շահան Պէքարեանի կողմէ պատրաստուած տեսաերիզը ինչպէս նաեւ Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով գաղութային եւ միջազգային վերջին լուրերը:

Յիշեցնենք որ Armenia TV կը պատկանի Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան որ կը նեռարէ Armenia Online ը, Արմենիա Բջիջայինը, Արմենիա Ամսաթերթը (ներկայ Արմենիա երկշաբաթաթերթի բարեփոխուած տարբերակը), Արմենիա Հեռատեսիլը եւ Արմենիա Ռատիօ-ն (ներկայ Սարդարապատի Ձայն Ռատիօ կայանի նոր տարբերակը):

Օրեր առաջ Armenia Media ընկերակցութիւնը ներկայացուց իր նոր կայքէջն ու բջիջային հեռաձայններու ծրագիրը:





comments

Advertisement