Սիտնիի Հայ Գաղութը պատշաճօրէն ոգեկոչեց Ապրիլեան Եղեռնի 99րդ ամեակը

By Nora Sevagian, armenia.com.au | Friday, 16 May 2014

99 տարիներ անցած են ահաւասիկ այն սեւագոյն թուականէն, 1915 Ապրիլի 24 էն , ուր լոյս ցերեկով, Աստուծոյ ու մարդկութեան աչքերուն առջեւ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը Թուրք Օսմանեան կառավարութեան ձեռամբ: Հայ ժողովուրդը ոչ միայն տուաւ մէկ ու կէս միլիոն նահատակ այլ նաեւ տեղահանուելով իր հողերէն աքսորուեցաւ դէպի միջին արեւելքի արաբական երկիրներ, Սուրիոյ անապատներուն մէջ բռնաբարուելով, անօթութենէն ու ծարաւէն մեռնելով, պատուոյ ու հաւատքի համար ջարդուելով եւ անձնասպան ըլլալով:

Սփիւռքի այլ  երկիրներու կողքին, Աւստրալիան եւս դարձաւ այն ապաստաններէն մէկը, ուր հասան  ջարդէն ճողոպրած գաղթական հայ ժողովուրդի բեկորները եւ շուտով  հիմնեցին իրենց եկեղեցին, ակումբն ու դպրոցը այսինքն՝ այդ երրորդութիւնը որուն շնորհիւ պիտի ապրէր եւ գոյատեւէր Աւստրալահայ գաղութը: Տարաբախտ հայ ժողովուրդի անողոք ճակատագիրը այս անգամ զինք կը նետէր օտարութեան ու ցուլման դէմ պայքարելու դաշտը: Բարեբախտաբար հայու աննկուն կամքն ու յուսահատութիւն չճանչցող նկարագիրը կրկին անգամ որպէս փիւնիկ պանդխտութեան խաւարէն դէպի գոյատեւում բարձրանալով կերտեց իր մշակոյթով, լեզուով ու հաւատքով զօրաւոր Աւստրալահայ գաղութը, որ այսօր իր երեք կուսակցութիւններով, եկեղեցիներով, դպրոցներով ու մշակութային կեդրոններով միասնաբար ամէն տարի կոգեկոչէ Ապրիլեան եղեռնի զոհերուն անմահ յիշատակը:

Հինգշաբթի 24 Ապրիլ 2014 ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ ապրիլեան եղեռնի ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբին եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին, նախագահութեամբ գաղութիս բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանին տեղի ունեցաւ Հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան 99րդ ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնը Չաթսուուտի Գոնգորս -ընդարձակ ու շքեղ հանդիսասրահին մէջ՝ ներկայութեամբ աւելի քան 1000 հայորդիներու, որոնք եկած էին տարի մը եւս իրենց յարգանքի տուրքը տալու Ապրիլեան եղեռնի մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու անմահ յիշատակին:

Ոգեկոչման Հանդիսութեան ներկայ էին տեղական քաղաքական բարձրաստիճան հիւրեր, եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներ, Հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, մամլոյ եւ տեղեկատուական գործակալութիւններու, հայկական միօրեայ եւ ամէնօրեայ վարժարաններու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներէն յատկապէս հրաւիրուած հիւր բանախօս Յարութ Սասունեան:

Հայկական եւ Աւստրալիական քայլերգներու երգեցողութեամբ, մենակատարութեամբ տաղանդաւոր երիտասարդ Քրիստափոր Նազարեանին,  պաշտօնապէս բացուեցաւ ոգեկոչման հանդիսութիւնը, որմէ ետք օրուայ հանդիսավարներ Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի 12րդ կարգի աշակերտուհի Փաթիլ Սեւակեան եւ օրիորդ Անի Ճանոյեան խնդրեցին ներկաներէն մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել Ապրիլեան եղեռնի զոհերու յիշատակը: Ապա Հանդիսավարները բարի գալուստի եւ բացման խօսքերը արտասանեցին Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով, անդրադառնալով օրուայ խորհուրդին եւ շեշտելով ցեղասպանութեան ճանաչման համար հետեւողական աշխատանք տանելու անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը դէպի 100 ամեակ մեր երթի ճանապարհին:

 

Յայտագրի ընթացքին ցուցադրուեցաւ  Շահէն Պէքարեանի համադրութեամբ ու պատրաստութեամբ  կազմուած յատուկ տեսաերիզ մը The red River never runs dry ( Կարմիր գետը երբէք չցամքիր) խորագրով: Մօտաւորապէս 15 վայրկեան տեւողութեամբ այս կարճ ֆիլմը հետաքրքրական մօտեցումով կը ներկայացնէր ցեղասպանութեան առընչուած վաւերագրական եւ պատմական տուեալներ ինչպէս նաեւ բաժիններ Քեսապի գրաւումէն անմիջապէս  ետք Սիտնիի Թրքական դեսպանատան դէմ Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Երիտասարդական Միութեան կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցէն:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց Հայ Դատի գրասենեակի գործավար Պրն վաչէ Գահրամանեան: Պրն Գահրամանեան ինչպէս սովորաբար իր սահուն ու տպաւորիչ առոքանութեամբ ամբողջովին գրաւեց հանդիսականներու  ուշադրութիւնը: Ան խօսեցաւ 100 ամեակի սեմին Հայ դատի յանձնախումբի  տարած հետեւողական ու ժրաջան աշխատանքին մասին հայկական հարցը իր արդար եւ արժանի լուծման հասցնելու ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց Աւստրալիոյ Դաշնակցային կառավարութեան այլեւս ընդունիլ եւ ճանչնալ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը :

 

Հանդիսութեան ընթացքին  ընթերցուեցաւ  Աւստրալիոյ կառավարութեան գանձապահ Պրն Jo Hockey-իի պատգամը:

Նիու Սաութ Ուէյլզ նահանգի նախարար Mike Baird-ի ներկայացուցիչ տիկ Marie Ficarra –ն նախարարի խօսքը արտասանեց, ուր քանիցս անգամներ շեշտեց թէ ժամանակը եկած է որ Աւստրալիոյ Դաշնակցային կառավարութիւնը պաշտօնապէս ընդունի հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը: Տիկ Ֆիգարան նշեց որ խորհրդարանէն ներս ինք եւ իր նման խորհրդարանի անդամներ արդէն իսկ ոչ մէկ ջանք կը խնայեն որպէսզի այդ մէկը իրականանայ:

Սիտնիի Արեւմտեան շրջանի Ֆէրֆիլտի եւ Նիու Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանի անդամ Պրն Guy Zengari. Փոխանցեց խորհրդարանի անդամ եւ Նիու Սաութ Ուէլզ կառավարութեան ընդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդ Պրն Ճօն Ռոպրրթսըն-ի պատգամը: Ան յատկապէս շեշտեց միասնականութեան գաղափարը եւ ըսաւ թէ բոլորս միասին, որպէս մէկ ձեռք աշխատելով կրնանք կանխարգիլել նաեւ ապագայ ցեղասպանութիւնները քրիստոնեայ ժողովուրդներուն դէմ:

 

 

Խօսք առաւ նաեւ Աւստրալիոյ  Քրիստոնիա Դեմոկրատ կուսակցութեան առաջնորդ Յարգելի պրն Fred Nile-ը, որը անդրադարձաւ իր եւ կարգ մը այլ կառավարական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու Հայաստան այցելութեան 2013 ին: Ան հիացմունքով պատմեց Հայաստանի մշակութային ու պատմական հարստութիւններուն մասին եւ մանաւանդ շեշտեց իրենց այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ ուր խորհրդաւոր լռութեան մէջ կարողացած էր լսել նահատակներու արեան կանչը: Պրն Նայլ անդրադարձաւ նաեւ վերջին դէպքերուն, որոնք պատահեցան Քեսապի մէջ եւ խաղաղաութիւն մաղթեց ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի պատերազմական գօտիէն ներս գտնուող բոլոր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն:

Օրուան լուսարձակներէն մին հանդիսացաւ տաղանդաւոր եւ շնորհալի երիտասարդուհի Օր Իզապէլ Մարգարեանի Տըլէ Եաման- ի մենակատարութիւնը, դաշնակի վրայ ընկերակից ունենալով նոյնքան շնորհալի երիտասարդ դաշանակահար Ալեքս Սահակեանը: Իզապէլի եզակի ու քնքուշ ձայնը ներկաներուն յուզմունքն ու հիացմունքը հասցուց իր գագաթնակէտին:

Յայտագրի յաջորդ բաժինով բեմ հրաւիրուեցաւ հանրայայտ  գրող, արձակագիր, դասախօս, վաւերագրական ֆիլմերու հեղինակ եւ California Courier թերթի խմբագիր, Ամերիկայի Միացեալ նահանգներէն յատկապէս հդաւիրուած հիւր բանախօս Յարութ Սասունեան: Պրն Սասունեան նախ հայերէն լեզուով ողջունեց հիւրերն ու ներկաները ապա ան ներկայացուց իր գլխաւոր թեման որն էր արդարութեան պահանջք թէ ճանաչում Ցեղասպանութեա՞ն: Շարունակելով իր խօսքը Անգլերէնով  «ժամանակը անցած է այլեւս որ հայ ժողովուրդը փորձէ աշխարհին բացատրել եւ համոզել թէ ինչ որ պատահեցաւ 1915 Ապրիլ 24 ին ցեղասպանութիւն էր, այդ հանգրուանը արդէն իսկ անցած ենք եւ այժմ մեր դատի արդար հատուցման գինն է որ պէտք է պահանջենք» ըսաւ բանախօսը: Ան մանաւանդ շեշտեց թէ միայն ճանաչում ստանալով չի լուծուիր մեր հարցը, այդպիսով չ'սպիանար մեր վէրքը, այլ անկէ ետք պէտք է կազմակերպուած աշխատանք տանինք արեան եւ հողային հատուցում ստանալու թուրք կառավարութենէն: Իր խօսքի աւարտին Պրն Սասունեան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կատարած յայտարարութեան Ապրիլի 24ի առաւօտուն, ուր հրապարակային ցաւակցութիւն կը յայտնէր հայ ժողովուրդին իր տուած զոհերուն եւ նահատակներուն համար 1915-ին, առանց ոչ մէկ նշում կատարելու թէ այդ ի՞նչպէս եւ որո՞ւ ձեռքով պատահեցաւ: Այս առընչութեամբ հիւրը ըսաւ թէ Էրտողան սոյն կեցուածքով  տակաւին կը շարունակէ ուրանալ եւ ժխտել իր նախահայրերուն կողմէ գործուած անմարդկային ու բարաբարոս ոճիրը Հայ ժողովուրդի հանդէպ:

Ներկաները բուռն ծափահարութիւններով գնահատեցին հիւր բանախօսի խօսքը, որը թեեւ սեղմ սակայն իր շօշափած թեմայով բաւականին հետաքրքրական ու օգտաշատ բնոյթ ունեցաւ եւ տպաւորեց զիրենք:

Յայտագրի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Գաղութիս բարեջան առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպս. Նաճարեան փոխանցելու իր պատգամը: Սրբազան հայրը ըսաւ թէ  « Այսօր թուրքը ոչ միայն հաշուետու է հայ ժողովուրդին այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին առջեւ: Թուրքը պէտք է իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը ունենայ ընդունելու իր սխալը եւ ճանչնալու հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը: Մեր եկեղեցիները եւ խաչքարերը քանդելով չեն կրնար մեզ հեռացնել մեր հաւատքէն, չեն կրնար անհետացնել պատմութիւն մը որ գրուած է նահատակներու եւ անմեղներու արիւնով: Այսօր հայ ժողովուրդը անցեալի լաց ու կոծ-ով չապրիր այլեւս այլ ան զօրաւոր ու ինքնավստահ ժողովուրդ մըն է եւ իր ձայնը լսելի դարձուցած աշխարհի ամէնահզօր ազգերուն»:

 

 

Պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով իր աւարտին հասաւ Ապրիլեան Եղեռնի ոգեկոչման հանդիսութիւնը: Տարի մը եւս Սիտնիի հայ գաղութը ամբողջութեամբ, որպէս մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի միացաւ ,իր ժողովուրդի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային թուական հանդիսացող 1915 Ապրիլ 24 ին տեղի ունեցած մեծ եղեռնին զոհուած մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներուն, իր յարգանքի տուրքը տալու:






comments

Advertisement