Աւստրալիոյ Armenia TV-ն կը ներկայացնէ իր երրորդ հաղորդումը

By armenia.com.au | Friday, 30 May 2014

Սիտնի – Armenia TV-ն հսկայ ընդունելութիւն գտած է Աւստրալահայ գաղութի զաւակներուն մօտ: Մինչեւ օրս աւելի քան 1500 անձ դիտած է Armenia TV առաջին եւ երկրրորդ հաղորդումները:

Armenia TV հերթական ձեւով պիտի սփռուի հանրութեան YouTube կայքէջի միջոցաւ: Անոր հաղորդումները պիտի ընդգրկեն լուրեր Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով, գաղութային զանազան ձեռնարկներու մասին յատուկ տեսանիւթեր , հարցազրոյցներ ինչպէս նաեւ ազգային եւ հանրային կեանքը յուզող այլ տեսանիւթեր:

Անդրանիկ հողարդումին մէջ աւելի քան 600 անձ դիտեցին Հայերէն լեզուով հայցազրոյց հրապարակագիր Յարութ Սասունեանի հետ եւ Ցեղասպանութեան 99րդ ամեակի ոգեկոջման հանդիսութեան մասին յատուկ տեսանիւթ:

16 Մայիս 2014 սփռուած երկրրորդ հաղորդումին մէջ աւելի քան 900 անձ դիտած է հարցազրոյց՝ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի հետ եւ ՀԱՍԳ ճեմարանի կազմակերպութեամբ Քեսապահայութեան նուիրուած դրամահաւաքի միջոցառուման մասին յատուկ տեսանիւթ:

Ահաւասիկ այսօր Արմենիա Մետիա ընկերակցութիւնը կը ներկայացնէ Armenia TV-ի երրորդ հաղորդումը որուն մէջ պիտի դիտէք Աւստրալիոյ ՀՄԸՄ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած տողանցքի , Համազգայինի «Շանթ» մասնաճիւղի «Վերջին Դատաստանը» թատրոնի եւ ՀԱՍԳ ճեմարանի տեղեկատուական օրի մասին յատուկ տեսանիւթեր:

Դիտելու համար Armenia TV երրորդ հաղորդումը կը խնդրուի այցելել հետեւեալ կայքէջը:

comments

Advertisement