Յառա՛ջ Ազատ, Անկախ, Միացեալ, Պայծառ եւ Արդար Հայաստանի Տեսլականով

By Նորա Սեւակեան - armenia.com.au | Thursday, 05 June 2014

Կիրակի 1 Յունիսի երեկոյեան, Համազգայինի Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի <<Նալպանտեան>> սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան, 1918 Մայիս 28 ի 96րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան <<Դրօ>> Կոմիտէին: Այս առիթով, որպէս հիւր բանախօս հրաւիրուած էր, նախկին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ներկայիս ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ  Դոկտ.Վիգէն Յովսէփեանը:

Հանդիսոութեան ներկայ էր Արժանապատիւ Տէր Նորայր Աւագ Քհն. Բաթանեան, որ կը ներկայացնէր Առաջնորդ Սրբազան հայրը: Ներկայ էին նաեւ շրջանիս քոյր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, մամլոյ եւ տեղեկատուութեան գործավարներ, հայկական վարժարաններու ներկայացուցիչներ եւ աւելի քան 500  հիւրեր:

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, կատարողութեամբ Օր. Շուշան Սարեանի, որմէ ետք ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամ Օր. Կարինէ Թորոսեան կատարեց բացման խօսքը: Հանդիսավարն էր Օր. Նայիրի Քէլլէյեան:

Գեղարուեստական յայտագրով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Համազգայինի Նայիրի պարախումբէն խումբ մը պարմանուհիներ <<Մաղմուր Աղջիկ>> պարով, Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի <<Նանոր>> երգչախումբի աշակերտները <<Սարդարապատ>> եւ <<Տասը միլիոն Հայ>> խմբերգներով, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Գալէ Պատանեկան Միութեան պատանիները <<Գարեգին Նժդեհ>> եւ <<Գինի Լից>> երգերով, Համազգայինի Սիտնի Պարի Անսամբլի երէց խումբի աղջիկները <<Հեռաւոր Հայրենիք>> պարով եւ Համազգայինի Նայիրի Պարախումբի  մենապարուհի Մարի Հաճեան՝ <<Կիլիկիա>> մենապարով: Յայտագրին մասնակցող բոլոր խումբերն ու մենակատարները լաւագոյնս կատարեցին իրենց դերերը արժանանալով ներկաներու գնահատանքին ու բուռն ծափահարութիւններուն:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէութեան խօսքը փոխանցեց Ընկ Գէորգ Վարդանեան, որ նախ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն ապա անդրադարձաւ հայրենիքէն ներս թէ սփիւռքի մէջ անկախութեան թողած դրական ազդեցութեան հայ ժողովուրդի տարբեր խաւերուն ու զանգուածներուն վրայ: Ընկ Վարդանեան նաեւ նշեց թէ այս տարի յատկանշական տարի մըն է Աւստրալիոյ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կառոյցին համար, որ կը տօնէ իր հիմնադրութեան 50րդ տարեդարձը եւ քանի մը ձեռնարկներով արժանավայել կերպով պիտի նշէ այս յատուկ առիթը: Ընկերը իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ միտքերով՝ <<Մայիս 28 ը միայն թուական մը չէ, նոյնիսկ եթէ ան ըլլար անկախութեան հռչակում, այլ թուական մըն է որ  կը խորհրդանշէ ամբողջ ազգի մը բռնութեան դէմ պայքարը, դարաւոր ստրկութեան թօթափումը եւ աւելի՛ն, ազգովին պայծառ ապագայ մը կերտելու միասնական ոգին: Պատմականօրէն Մայիս 28-ին ստեղծուած անկախ պետականութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ, սակայն անոր սերմանած հունտերը կրցան դիմադրել տասնամեակներու վրայ երկարող երաշտի ու փոթորիկներու իրարայաջորդ ալիքներուն>>:

Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան  բանախօսը: Դոկտ. Յովսէփեան նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց թէ հեռաւոր Աւստրալիոյ այս ափերուն վրայ մեր հետ կը տօնէր Մայիս 28 ի այս կարեւոր ու անկիւնադարձային թուականը: Շեշտելով Մայիս 28ի խորհուրդը եւ կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ ան յիշեց թէ այն սերունդը որ Մայիս 28 կերտեց, հասկցած էր որ եթէ  կայ ձգտում եւ նուիրում, կայ նաեւ ճար: Մեր ստրկացած ժողովուրդին մէջ, պայծառատես ղեկավարներու շնորհիւ քաջագործութիւն կատարելու սէրը արթնցաւ եւ ան իր սեփական ուժին հաւատալով հասաւ արժանի յաղթանակին:

Դոկտ. Յովսէփեան խօսեցաւ միացեալ եւ ամբողջական գաղափարախօսութեան մասին, որուն առընչութեամբ ան հետեւեալ ձեւով արտայայտուեցաւ՝ <<Մինչեւ մեր ամբողջական հաւաքը հայկական հողի վրայ, պէտք է որ հաւաքագրենք մեր ազգի աշխարհացրիւ զաւակները, մէկ գաղափարախօսութեան շուրջ, մէկ դրօշի ներքոյ. ազգային գաղափարախօսութիւն մը, որուն հիմը ըլլայ մեր մեծ երազը՝ իսկական ազատ, անկախ, ամբողջական, բայց ամպայմանօրէն արդար եւ պայծառ Հայաստան: Այն Հայաստանը, որուն զինուոր է, բայց միեւնոյն ատեն տէր է իւրաքանչիւր հայ, ո՛ւր ալ ապրի , աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի . Հայաստան, որուն համար մեր ազգային արժէքներու համակարգը եւ հաւաքական պահանջատիրութիւնը վե՛ր ըլլան քաղաքական սակարկութենէ եւ շահակցական փտածութենէ: Նման ազգային գաղափարական շարժումն է, որ կրնայ միացնել մեզ բոլորս ու միայն ան է, որ մեզ կրնայ առաջնորդել միասնական յաղթանակի եւ պայծառ ապագայի>>:

Հիւր բանախօսը  «ազատ, անկախ, միացեալ, արդար եւ պայծառ Հայաստան» ի մը տիրանալու յուսադրիչ ու խրախուսիչ խօսքերով եզրափակեց իր պատգամը, որ արժանացաւ ներկաներու գնհատանքին ու ծափահարութիւններուն:

Յայտագրի աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ արժանապատիւ Տէր Նորայր աւագ Քհն. Բաթանեան, որ Սրբազան հօր շնորհաւորանքները փոխանցեց կազմակերպիչ մարմնին Մայիս 28ի խորհուրդը պատշաճօրէն նշելուն համար այս օտար ափերուն վրայ, ուր իւրաքանչիւր հայ կ'ապրի հայրենիքի կարօտով: Տէր հայրը վեր բռնեց մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ այս կարեւոր թուականը կերտող հայորդիներու կատարած սխրագործութիւնները, որոնց շնորհիւ երկար տարիներու ստրկութենէ ետք մենք ունեցանք մեր առաջին հանրապետութիւնը եւ կերտեցինք մեր առաջին անկախութիւնը:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով:

Փառք Մայիս 28 կերտողներուն: Յարգանք Մայիս 28-ի պատգամը 96 տարիներ ջինջ ու վառ պահողներուն: Ուժ ու կորով երթը անխափան պահողներուն:

 















comments

Advertisement