Անկախութեան 96րդ ամեակի նուիրուած հաղորդում

By armenia.com.au | Wednesday, 18 June 2014

Արմենիա հեռատեսիլը (Armenia TV) կը ներկայացնէ հինգերորդ հաղորդումը նուիրուած Մայիսեան անկախութեան 96րդ տարեդարձին:

Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով լուրերու կողքին , հինգերորդ հաղորդումին մէջ առիթը պիտի ունենաք դիտէլու յատուկ տեսանիւթ Հայաստանի անկախութեան 96րդ տարեդարձի նուիրուած գեղարուեստական յատագրին մասին, յատուկ տեսանիւթ Գոլստըն ճեմարանի կազմակերպած Անկախութեան 96րդ ամեակի եւ մեծ ծնողներու օրուայ ձեռնարկին մասին , յատուկ տեսանիւթ Համազգայինի «Թումանեան» եւ «Թարգմանչաց» միօրեայ վարժարաններու Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ Անկախութեան 96րդ տարեդարձի նուիրուած միացեալ ձեռնարկին մասին եւ այլ ուրիշ տեսաերիզներ:

Արմենիա հեռատեսիլը (Armenia TV) շաբաթական հերթականութեամբ պիտի հեռարձակուի YouTube կայքէջին միջոցաւ:

 

comments

Advertisement