Հայրերու օր Մելպուրնի մէջ

By Զվիկ,armenia.com.au | Saturday, 27 September 2014

 

Հայ Կեդրոնի քոյր միութեանց վարչութիւններու կազմակերպած Հայրերու օրուայ ձեռնարկը մեծ յաջողութիւն գտաւ, Կիրակի 7 Սեպտեմբերին, Հայ կեդրոնի սրահը դարձած էր Հայկական Ճաշարան, ուր ներկաներուն վաճառուեցաւ մսաշոթ (լահմէճին) եւ խորոված:

Նոյն առթիւ Սրահի Յանձնախումբը կազմակերպած էր  թղթախաղ (պլոթի մրցում մը), որու մասնակցեցան հայ հայրեր, օրուայ յաղթական ախոյեաններն էին Եղբայր Մովսէս Գոճատէլեան եւ Պրն Յակոբ Շէքէր,  իսկ օրուայ բախտաւոր հայրը եղաւ սրահի յանձնախումբի անդամներէն Ընկեր Հրանդ Դաւիթեանը:

Ընկերուհի Զուարթ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, նախ շնորհաւորեց հայ հայրերը ապա անդրադարառնալով հայ հօր արժէքներուն, շարունակեց ըսելով, որքան կարեւոր են մեր կեանքի մէջ մեր հայ մայրերը նոյնքան կարեւոր են մեր հայ հայրերը, այսօր կը յարգենք մեր սիրելի հայրերն ու մեծ հայրերը մաղթելով անոնց առողջ կեանք:

Ներկաները վայելեցին Ընկեր Անդրանիկ Սէֆէրեանի գեղեցիկ հայկական մեղեդիները: Օրուայ յանձնախումբին եւ բոլոր օգնականներուն վարձքը կատար:







comments

Advertisement