Վիք Դարչինեանի Եւ Անսելմօ Մորենոյի Մենամարտը Պիտի Կայանայ Լոս Անճելըսի Մէջ

By Asbarez | Thursday, 06 October 2011

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «ՓանԱրմինիըն».- IBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Վիք Դարչինեանի եւ WBA վարկածով տիտղոսակիր Անսելմօ Մօրենոյի (Փանամա) միջեւ մենամարտը պիտի կայանայ Դեկտեմբեր 3ին, Լոս Անճելըսի մէջ:

Հնարաւոր է, որ այդ մենամարտը տեղի ունենայ բռնցքամարտի Մեծ երեկոյի շրջանակին մէջ, որուն գլխաւոր իրադարձութիւնը պիտի ըլլայ թեթեւագոյն կշիռքի կարգին մէջ IBF վարկածով ախոյեան Ապներ Մարեսի խաղ-վրէժը՝ այդ տիտղոսի նախկին տէր Ժոզէֆ Ակպեգոյի դէմ։

comments

Advertisement