Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան մեծ ընտանիքը արժանավայելօրէն նշեց ՀՕՄ-ի Օրուան տօնակատարութիւնը

By Nora Sevagian, armenia.com.au | Wednesday, 05 November 2014

Կիրակի 28 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի «Նալպանտեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Օրուայ տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ՝ Աւստրալիոյ Հայ օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութեան եւ մասնակցութեամբ իր երեք ՝ Սօսէ, Արազ եւ Արաքս մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ անդամուհիներուն: Հրաւիրուած էին գաղութիս քոյր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու,  մամլոյ մարմիններու ինչպէս նաեւ հայկական կրթական եւ մշակութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Տաղանդաւոր երիտասարդ դաշնակահար Ալեքս Սահակեանի նուագակցութեամբ Հայրենիքի, Աւստրալիոյ եւ ՀՕՄի հիմներգերով տօնակատարութեան բացումը կատարուեցաւ: Օրուայ հանդիսավար եւ Աւստրալիոյ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամ ընկհ. Այիդա Սարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն  ապա խնդրեց ներկաներէն որ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեն յիշատակը մեզմէ յաւէտ բաժնուած ՀՕՄուհիներուն: Ընկհ. Սարեան  իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ ՀՕՄի Օրուայ այս տօնակատարութիւնը անհրաժեշտ միջոցառում մըն է, որ տեղի կ'ունենայ ամէն տարի կրկին անգամ մեր ուխտն ու պատկանելիութիւնը վերանորոգելու մեր մայր կազմակերպութեան հետ:

 

Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութիս շնորհալի տաղանդներ ու դէմքեր՝  Ալեքս Սահակեան դաշնամուրի նուագակցութեամբ, Տիկ Հայկուշ Զէյթունցեան երկու մեներգներով, Վանա Տէիրմէնճեան ասմունքով, Թամար Աղաջանեան մեներգով եւ համազգայինի Նայիրի պարախումբի կրտսերներու խումբը խմբային պարով: Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերող բոլոր  մենակատարները ելոյթ ունեցան  բարձրորակ եւ օրուան խորհուրդը պատգամող պատշաճ կտորներով, արժանանալով ներկաներու բարձր գնահատանքին ու հիացմունքին:

Օրուայ հիւր բանախօսն էր ընկհ. Ռուբինա Մեծյակոբեան, որ Անգլերէն լեզուով  ներկայացուց ՀՕՄի հիմնադրութեան պատմականը եւ անոր տարածուիլն ու սփռուիլը աշխարհի չորս ծագերուն այսինքն՝ ՀՕՄի տարածումը  սփիւռքի ամէն երկիր ուր հայ գաղութ գոյութիւն ունի: Ան զեկուցեց նաեւ ՀՕՄի լայնածաւալ աշխատանքներուն մասին հայրենիքէն ներս եւ սփիւռքին մէջ եւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ մանաւանդ վերջին տարիներուն ՀՕՄի կատարած մարդասիրական ու բարեսիրական աշխատանքներուն Սուրիահայութեան դիմագրաւած դաժան պայմաններուն միջին արեւելքի մէջ ծայր առած քաղաքացիական պատերազմի պատճառով:

 

Յայտագրի ընթացքին ցուցադրուեցաւ  ՀՕՄի հիմնադրութեան 100 ամեակի առթիւ պատրաստուած «Դար Մը Ծառայութիւն» տեսանիւթը, ուր ժամանակաշրջաններու ու  դէպքերու յաջորդականութեամբ ՀՕՄի հիմնադրութեան պատմականն էր որ կը ներկայացուէր եւ տարիներու հոլովոյթին մէջ անոր դիմագրաւած  մարտահրաւէրներն ու իարգործումները:

ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ընկհ. Մարալ Փիլիպոսեան, որ ընդհանուր արմամբ անդրադարձաւ ՀՕՄի առաքելութեան եւ անոր իրագործած մարդասիրական, կրթական, հասարակական ու ընկերային նպատակներուն եւ ծրագիրներուն անցնող տարիներու ընթացքին: Ընկերուհին անդրադարձաւ նաեւ շրջանէս ներս ՀՕՄի տարած բազմերես աշխատանքներուն եւ յայտնեց թէ յառաջիկայ տարին յատկանշական տարի մը պիտի ըլլայ, որու ընթացքին պիսի տօնենք Աւստրալիոյ շրջանէն ներս ՀՕՄի հիմնադրութեան 50 ամեակը: Ընկերուհին իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց ներկայութեան  ինչպէս նաեւ ընդհանուր արմամբ իրենց զօրակցութեան ՀՕՄի կազմակերպած զանազան ծրագիրներուն:

 

Հանդիսութեան աւարտին յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան օրուայ յայտագրին մասնակցողները եւ առ ի գնահատանք ընկերուհի ատենապետուհիին ձեռամբ ստացան յատուկ յուշանուէրներ:

Այսպիսով տարի մը եւս շրջանէս ներս պատշաճօրէն տօնուեցաւ ՀՕՄի Օրը: Տարի մը եւս ըստ ՀՕՄի հիմներգի տողերուն՝  «վառ պահեցինք Հայ Օգնութեան ջահը մշտավառ»: Տարի մը եւս մեր երթը կը շարունակենք որպէս ուխտեալներ, որպէս նուիրեալ խաչուհիներ եւ մեր օգնութեան ձեռքը կ'երկարենք կարօտեալին ու անտունիին , որբին ու թշուառին ու մանաւանդ պատերազմական պայմաններուն մէջ օրէ օր հիւծող Սուրիահայ մեր գաղութիւն: Կեցցե՛ս Հայ Օգնութեան Միութիւն:  Միշտ մնա՛ հաւատարիմ ու գործէ ըստ սրբաբոյր նշանաբանիդ՝ Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար:

 





comments

Advertisement