Այս Կիրակի. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցի 50 ամեակը

By armenia.com.au | Friday, 07 November 2014

ՀՅԴ-ն որ հիմնուած է 1890-ին, Աւստրալիոյ մէջ հիմնուեցաւ 1964-ին խումբ մը նուիրեալ Դաշնակցականներու կողմէ որոնք տարբեր երկիրներէ գաղթած էին Աւստրալիա եւ կարեւոր նկատած էին ՀՅԴ-ի նման կազմակերպութեան մը ներկայութիւնը գաղութէս ներս:

2014-ը 50րդ տարեդարձն է Աւստրալիոյ մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան

Արժանավայել կերպով տօնելու համար այս յոբելեանը Կիրակի 30 Նոյեմբեր 2014ին Գոլստըն ճեմարանի <<Նալպանտեան>> սրահէն ներս տեղի պիտի ունենայ կեդրոնական ձեռնարկ մը որուն ընթացքին օրուայ պատգամը պիտի փոխանցէ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեանը: Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժնին ելոյթ պիտի ունենան Համազգայինի «Նայրի» պարախումբը, Համազգայինի Սիտնի պարի անսամբլը, Գոլստըն ճեմարանի «Նանոր» երգչախումբը ինչպէս նաեւ ազգային եւ յեղափոխական երգերով երեկոն պիտի խանդավառէ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արտիստ Ներսիկ Իսպիրեան:



comments

Advertisement