Գաղութային աշխատանքները կը շարունակուին

By armenia.com.au | Monday, 10 November 2014



Երեք շաբաթներէ ի վեր Աւստրալահայ գաղութը ցնցուած է: Գաղութի զաւակներէն 20 ամեայ Սեւակ Սիմոնեանը որ Blue Mountains շրջանի հսկայատարած անտառներէն մէկուն մէջ արշաւելու մեկնած էր, դժբախտաբար մինչեւ օրս տուն չէ վերադարձած: Սեւակին ծնողքը, ընկերները, հարազատներն ու բարեկամները ինչպէս նաեւ գաղութէս ներս գործող բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները աշխատանքի լծուեցան իւրաքանչիւրը իր լաւագոյնը ի գործ դրաւ, կորսուած Սեւակը ետ տուն բերելու բարձր յոյսով:

Յատկանշական էր Գօլստըն Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ շրջանաւարտից միութեան տարած ժրաջան աշխատանքը, որոնց ջանքերուն շնորհիւ աւելի քան 10,000 Աւստրալիական տոլար հաւաքուեցաւ եւ տրամադրուեցաւ նահանգի շտապ օգնութեան գրասենեակին շարունակելու եւ ընդլայնելու համար իրենց աշխատանքներու ծիրը: Յատկանշական էր նաեւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան տարած քարոզչական աշխատանքը, ուր անոր անդամները բազմաթիւ անտառագնացութեան հաստատութիւններու նամակներ ուղարկեցին եւ անոնցմէ պահանջեցին կարելի եղած չափով օժանդակել նահանգի շտապ օգնութեան գրասենեակին:



Այս աշխատանքներուն մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցին եւս ունեցաւ իր ներդրումը եւ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը՝


<< 20 Հոկտեմբեր 2014էն ի վեր 21ամեայ Սեւակ Սիմոնեան կորսուած է Blue Mountains շրջանի Kanangra-Boyd National Park անտառներուն մէջ: Ծնողք, բարեկամներ, Պետութիւն , բարեսիրական հաստատութիւններ եւ կամաւոր անձիք կը հետազօտեն եւ կը յուսան գտնել Սեւակը:
Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Հայկազուն Եպս. Նաճարեան եւ Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ կղերական եւ աշխարհական դասը կը հետեւին Սեւակի որոնման համար տարուած աշխատանքին :

Երեքշաբթի 28 Հոկտեմբերին Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ յատուկ աղօթք կատարուեցաւ աղօթասաց քոյրերու կողմէ:

Հինգշաբթի 30 Հոկտեմբերին յատուկ աղօթք կատարեցին Սրբազան Հայրն ու Տիկնանց Սուրբ Գրքի Սերտողութեան մասնակից հաւատացեալները:

Նախաձեռնութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան/ACYA/ եւ ներկայութեամբ բազմաթիւ երիտասարդներու , յընթացս Ս. եւ անմահ Պատարագին, Կիրակի 2 Նոյեմբերին յատուկ աղօթք կատարուեցաւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ :



Երեքշաբթի 5 Նոյեմբերին , Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ պատուիրակութիւն մը ուղարկեց դէպքին վայրը , յանձինս ՝ Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս քհնյ. Համբարձումեանի, Բարեշնորհ Նշան սրկ. Պասմաճեանի եւ Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան /ACYA/ ներկայացուցիչ՝ Տիար Կարէն Փէզիկեանի:

Պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Սեւակի ծնողքին՝ Տէր եւ Տիկ Մասիս եւ Ռոզիկ Սիմոնեանի հետ Jenolan Cavesի մէջ, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան եւ հետազօտող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ կամաւոր անձերու` Oberonի եւ Kanangra-Boyd National Parkի մէջ : Պատուիրակութիւնը փոխանցեց Սրբազան Հօր սրտի խօսքը եւ Առաջնորդարանի ու եկեղեցւոյ պատրաստակամութիւնը զօրաւիգ կանգնելու Սիմոնեան ընտանիքին այս դժուար օրերուն:




Կ'աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Սեւակը վերադարձնէ իր հարազատներուն եւ կոչ կ'ուղղենք բոլոր հաւատացեալներուն իրենց նիւթական թէ բարոյական կարելիութիւնները ի սպաս դնելու հետազօտութեան աշխատանքին եւ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած երիտասարդ Սեւակին արագ տուն վերադարձին համար:

Դիւան Առաջնորդարանի     >>


comments

Advertisement