Հոգեհանգիստ Ընկեր Վահան Յովհաննիսեանին

By armenia.com.au | Sunday, 25 January 2015

 

Կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ ՀՅԴ <<Դրօ>> Կոմիտէի Կիրակի 1 Փետրուար 2015ին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան ընկեր Վահան Յովհաննէսեանի մահուան քառասունքի հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, Սիտնիի Հայ Առաքելական Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Chatswood):

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք հոգեսուրճ պիտի մատուցուի Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս Ուիլլուպի:

Նոյն օրը Մելպուրնի մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգիստ որմէ ետք հոգեսուրճ պիտի մատուցուի Մելպուրնի Հայ Կեդրոնէն ներս:

Զոյք հոգեսուրճերու ընթացքին տեղի ունեցած նուիրատուութիւնները ամբողջութեամբ պիտի յատկացուին Սուրիահայութեան օժանդակութեան:

Վահան Յովհաննէսեան ծնած է Երեւան 1956 թուականին: 1999 թուականին ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ: Նոյն տարին ան ընտրուած է Հայաստանի Հանրապէտութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր: Վահան Յովհաննէսեան 2008 թուականին մասնակցած է ՀՀ նախագահական ընտրութիւններուն իբրեւ ՀՅԴ թեկնածու: 2013 թուակաին Դեկտեմբեր 28-ին ՀՀ Նախագահի հրամանագիրով նշանակուած է Գերմանիոյ Դաշնային հանրապետութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: Երկարատեւ հիւանդութիւնէ ետք ընկեր Վահան Յովհաննէսեան կեանքէն հեռացաւ 28 Դեկտեմբեր 2014ին:

 

 

 


comments

Advertisement