Աւստրալիոյ Հայ համայնքը դէմ է Սիտնիի մէջ Աթաթուրքի արձանի տեղադրման

By Asbarez | Wednesday, 11 March 2015

 

 

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը նամակով դիմած է Նիու Սաութ Ուէյլզի իշխանութիւններուն յառաջիկային Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի յուշարձանի տեղադրման առնչութեամբ: Անցեալ ամիս Սիտնի գտնուող <<Հայտ Փարք>>ի մէջ տեղի ունեցած է Աթաթուրքին նուիրուած յուշատախտակի տեղադրումը՝ ի յիշատակ Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակին: Բացի այդ, նմանատիպ յուշատախտակ արդէն տեղադրուած է Աւստրալիոյ մէկ այլ քաղաքին՝ Քանպերայի մէջ:

Նամակին մէջ հայերը ներկայացուցած են այն սարսափելի իրադարձութիւնները, որոնք կատարուած են Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, այն յանցագործութիւնները, որոնք կատարած է Աթաթուրքը հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներուն դէմ: <<2015 թուականը կ՛առանձնանայ ոչ միայն Կալիփոլիի ճակատամարտով, այլեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակով եւ շատ կարեւոր է, որ պատմական այս ժամանակաշրջանը ներկայացնելու ատեն փաստերն ու իրադարձութիւնները չխեղաթիւրուին: Այն ժամանակ, երբ Աւստրալիոյ զինուորները խիզախօրէն կը պայքարէին դաշանակիցներու բանակին մէջ, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը, որ յետագային դարձաւ գերմանական նացիոնալիզմի եւ Ատոլֆ Հիթլերի կուռքը, Օսմանեան կայսրութիւնը զտեց ազգային փոքրամասնութիւններէ: Եթէ յուշարձանը պիտի տեղադրուի անոր թողած ժառանգութիւնը պատուելու համար, ապա անոր թողած ժառանգութիւնը բռնաբարութիւններն են, մարդասպանութիւնը, բռնատիրութիւնը, էթնիկ զտումներն ու ցեղասպանութիւնը: Բացի այն, որ այդ յուշարձանը կը վիրաւորէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, անիկա նաեւ ամօթն է աւստրիալիական ուժերուն, որոնք իրենց վերջնական կործանումը գտան Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին>>:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամեան իր հիասթափութիւնը յայտնած է, որ Նիու Սաութ Ուէյլզի իշխանութիւնները չեն խորհրդակցած Աւստրալիոյ հայ համայնքին հետ նման կարեւոր որոշում ընդունելէ առաջ: «Որպէս աւստրալացիներ, մենք կը հասկնանք Կալիփոլիի ճակատամարտի կարեւորութիւնը Աւստրալիոյ համար, սակայն ինքնակոչ բռնատէր Աթաթուրքը պէտք չէ Աւստրալիոյ մէջ ընկալուի որպէսզի Կալիփոլիի հերոսականութեան խորհրդանիշ», յայտնեց Ղահրամանեան:

 


comments

Advertisement