Առաջնորդ Սրբազան Հօր Սուրբ Զատկուայ Պատգամը

By armenia.com.au | Friday, 03 April 2015


Ստորեւ կը ներկայացնեցնք թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Հայկազուն Սրբազան Եպս. Նաճարեանի Սուրբ Զատկուայ պատգամը





<<Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց>>
Ժամամուտ

Սիրելի Հաւատացեալ Ժողովուրդ

Մեր թեմի նուիրեալ եկեղեցականներու, ծառայասէր Թեմական Խորհուրդի եւ Ծխական մարմիններուն անունով կը շնորհաւորենք Ձեզ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Տօնին առթիւ:

Այս տարին կեանքի տարի կոչեցինք մեր ժողովուրդին համար եւ յորդորեցինք Հայ մայրերուն՝ զաւակներով հարստացնել մեր ազգը, ազգ մը, որ հարիւր
տարիներ առաջ թշնամու կողմէ մահուան դատապարտուած էր: Սակայն այս ազգը հաւատաց մեր Տիրոջ պատգամին, թէ տառապանքէն, խաչէն եւ նոյնիսկ մահէն այն կողմ՝ յաւիտենական կեանքն է յաղթական <<եւ լոյսն ի խաւարի անդ լուսաւորէ եւ խաւար նմա ոչ եղեւ հասու>> Յովհ. Ա. 5

Մեր մաղթանքն է, որ Տէրը մեր բոլորին այնքան կեանք ու կորով շնորհէ, որ կարողանանք 1915-ի մէկ ու կէս միլիոն մարդկային կորուստը փոխարինել նախ՝ ապրելով եւ գոյութիւն ունենալով, ապա՝ շատանալով , զօրանալով եւ մեր ուժերը համախմբելով:

Մեր բիւրաւոր նահատակ եկեղեցականներուն ու մտաւորականներուն փոխարէն պիտի հասցնենք նուիրեալ նոր սերունդ , մեր հազարաւոր խոնարհած խորաններու դիմաց պիտի բարձրացնենք լուսոյ նոր խորաններ, որոնց միջոցաւ, հաւատքով նորոգուած եւ ամրացած, Հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր դարաւոր երթը Հայրենիքի մէջ, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, որպէս լուսոյ որդիներ, յոյսի վկաներ եւ կեանքի մարտիկներ:

Այս բոլորը, սիրելի ծնողներ, տունէն կը սկսի. տունէն՝ ուր նորածին մանուկը իր լեզուն պիտի բանայ, ան Հայ հաւատքի առաջին պատգամը եւ օրինակը ձեզմէ պիտի առնէ, ապա պիտի գայ եկեղեցի կապուելու համար իր հոգեւոր ժառանգութեան: Եթէ այս փոքր զոհողութիւնը զլանանք կատարելու, ինչպէ՞ս իմաստաւորած պիտի ըլլանք մեր կեանքը: Մեր նահատակները երկինքէն մեզի կը նային…պատասխան կը սպասեն իրենց արեան կանչին…

<<Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. Որ հաւատայ յիս, թէպէտ եւ մեռանի` կեցցէ>>
Յովհ. ԺԱ. 25

Աղօթարար՝
Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան

comments

Advertisement