ԿՈՉ Աւստրալահայութեան

By PRESS RELEASE | Thursday, 16 April 2015

Կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, ուր անհրաժեշտ է միասնական մօտեցումներով ու համատեղ ջանքով դիմագրաւել Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Ջաւախքի ու Սփիւռքի առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները։

Կը գտնուինք մեր ուժերն ու կարողականութիւնը զօրաշարժի ենթարկելու ազգային պարտաւորութեան դիմաց, որպէսզի կարողանանք հարիւրամեակով սկսուող նոր հանգրուանը դիմակալել նոր ու վերանորոգ կորովով եւ վճռակամութեամբ:

Մենք որպէս հաւաքականութիւն յաջողութեամբ կրցանք վերականգնել աշխարհին գրեթէ անծանօթ մնացած մեր հարցը եւ վերածել պահանջատիրական պայքարի, որուն ընթացքին յաղթահարեցինք բազմաթիւ խոչընդոտներ ու արգելքներ:

Հայ ժողովուրդին եւ մարդկութեան դէմ Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած ոճրագործութեան հետեւանքները այսօր ալ կը յամենան: Արդարութիւնը տակաւին չէ յաղթանակած:  100 տարի շարունակ հայրենազրկուած, պատմական հայրենիքին մէջ  Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութիւնը հետապնդած է իր արդար դատը: Պայքարի երկար ճանապարհին մեր ժողովուրդը կրցաւ կազմակերպուած ուժի վերածուիլ` հաւատարիմ մնալով ազգային արժէքներուն, Հայրենիքին, իր լեզուին եւ մշակոյթին: Հայկական գաղութներուն մէջ բացուած իւրաքանչիւր դպրոց, եկեղեցի, մշակութային կեդրոն յաղթական քայլ եղաւ մեր նպատակներուն ուղղութեամբ: Անցնող տասնամեակներուն Սփիւռքը կրցաւ համախմբուիլ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին, կորուստներու հատուցումին, Հայրենիքի գաղափարին շուրջ եւ յաջողութիւններ արձանագրեց:

Քաջ կը գիտակցինք, որ հզօր Հայրենիք ու յանձնառու Սփիւռք, որպէս զիրար ամբողջացնող, զիրար գօտեպնդող օղակներ, միասնական ճիգերով պիտի շարունակաբար վերահաստատեն աշխարհասփիւռ հայութեան մէկ ժողովուրդ ըլլալու հանգամանքը եւ մեծ ու ամբողջական Հայաստանի կերտումի հաւատոյ հանգանակը։

Մենք` համահայկական երեք կուսակցութիւններու Աւստրալիոյ կառոյցներս, համոզուած ենք, որ միմիայն համախումբ ջանքերով, խոհեմ ու վճռական քայլերով կը կարենանք աշխարհի մէջ ձեւաւորել Հայոց ազգային-պետական շահերը հաշուի առնելու, մեր իրաւունքները յարգելու գիտակցութիւն:

Մենք համոզուած ենք, որ միմիայն միասնական ջանքերով, ամենօրեայ աշխատանքով հնարաւոր է լուծել համազգային խնդիրները. ջաւախքահայութեան իրաւունքներու, Արցախի անկախութեան, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման կենսական հիմնահարցերը:

Մենք կը հաւատանք թէ յանցագործութեան անպատիժ մնալն էր, որ յետագային հնարաւոր դարձուց նմանատիպ ոճիրներու կրկնութիւնը: Մենք վճռական ու վստահ ենք մեր արդար դատը յաղթանակով աւարտելու պայքարին մէջ:

Մենք գիտենք թէ մեզի համար պիտի սկսի նոր հանգրուան մը, որ անկասկած պիտի դառնայ աւելի դժուար, քան ինչ որ էր ցարդ: Պիտի սկսի նոր հանգրուան մը, ուր մեր գործունէութեան մէջ առաջնային պիտի դառնայ ոչ թէ այլ պետութիւններու ճանաչման հետապնդումը, այլ պահանջատիրական այն պայքարը որ պիտի հիմնուի հատուցման իրաւունքներու հետապնդումով:

Այս հանգրուանը պիտի պահանջէ աւելի լայն շունչ ու հետեւողականութիւն եւ անկասկած այլազան դժուարութիւններէ ետք պիտի աւարտի մեր յաղթանակով, որովհետեւ արդարացի է մեր դատը եւ միասնակամ ենք մենք մեր քաղաքական, եկեղեցական, միութենական ու հասարակական բոլոր կառոյցներով:

Հայկական իրականութեան այս կարեւոր հանգրուանին մենք կը դատապարտենք այն բոլոր երեւոյթները, որոնք հայութեան կամքը կոտորակելու կը ծառայեն: Այսօր արդէն բազմաթիւ պետութիւններ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այլընտրանք չկայ` հայութեան բոլոր հատուածներու գործակցութեամբ, մեր անկախ պետականութեան հզօրացմամբ մենք պիտի հասնինք աշխարհի ու նոյնիսկ Թուրքիոյ կողմէ մեր Արդար Դատի ճանաչումին: Այս է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայութեան լիարժէք, անվտանգ ապագայի երաշխիքը:

Կեցցէ' Հայ ժողովուրդը:  Կեցցէ' Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն


comments

Advertisement