Հազարաւոր Հայորդիներ Տողանցեցին Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Նուիրուած Տողանցքին

By armenia.com.au | Tuesday, 28 April 2015

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան Կիրակի 26 Ապրիլ 2015ին տեղի ունեցաւ տողանցք մը նուիրուած Ցեղասպանութեան 100 ամեակին: Տողանցքին մօտաւորապէս չորս հազար Հայորդիներ ՀՄԸՄ վերակազմուած շեփորախումբի, սկաուտնեու եւ մարզիկներու ընկերակցութեամբ տողանցեցին Հայահոծ Chatswood շրջանին մէջ:

Chatswood-ի մէջ տեղադրուած ANZAC զինուրներու նուիրուած յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը ուր սկաուտները իրենց յարգանքի տուրքի մատուցեցին առաջին աշխարհամարտին Աւստրալիոյ նահատակ զինուորներու յիշատակին: Ապա տողանցքը սկսաւ յուշարձանին մօտէն եւ կեդրոնական Victoria Ave. միջոցաւ հասնելով Հայ Առաքելական Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցի ուր տեղի ունեցաւ յատուկ եկեղեցական արարողութիւն մը: Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները իրենց սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք հարիւրաւոր մանիշակագոյն փուչիկներ զարդարեցին ամպերով կուտակուած երկինքը:

Աւստրալիական Sydney Morning Herald թերթը անդրադառցած է տողանցքին մասին որոնց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Եղբ. Յակոբ Պօղոսեան ըսած էր «Առաջին աշխարհամարտին մասնակցող Աւստրալիոյ զինուորները եղած են Ցեղասպանութեան առաջին ականատեսները: Բազմաթիւ Հայեդ սպաննուած են անոնց ներկայութեամբ»:

Եղբայր Պօղոսեան աւելցուցած է «1922ին Լիբանանի մէջ Աւստրալիացի քահանայ մը հայ մանուկներու որբանոց մը հիմնած է ուր մօտաւորապէս 1700 որբ մանուկներու հոգատարութեամբ զբաղուած են Աւստրալիացիները»:

Դիտելու համար տողանցքի նկարները:

comments

Advertisement