Զօրակցինք Genealogy-ին

By armenia.com.au | Saturday, 23 May 2015



Կիրակի 24 Մայիս 2015ին վաղ առաւօտեան տեղի պիտի ունենայ Եւրատեսիլի երգի մրցումին եզրափակիչ հանդիսութիւնը: Աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներ կը մրցին տիրանալու Եւրատեսիլի տիտղոսին:

Մրցող երկիներուն կողքին են Հայաստանն ու Աւստրալիան:

Եւրատեսիլի մրցումը պիտի ցուցադրուի առաւօտեան ժամը 5:00ին SBS պատկերակայանի միջոցաւ

Տրուած ըլլալով որ այս տարի Աւստրալիան եւս առիթը ունի քուէարկելու կոչ կ'ուղենք բոլոր հայրենակիցներուն քուէարկել Հայաստանի Genealogy խումբին (թիւ 2):
Քուէարկել կրնաք հեռաձայնի եւ նամակի միջոցաւ: Նաեւ կրնաք քուէարկել Եւրատեսիլի յատուկ ծրագրի (App) միջոցաւ:

Յիշեցնենք որ քուէարկելու առիթը պիտի ունենաք վերջին երգը աւարտելէն ետք: Բոլոր եկիրները քուէարկելու համար ունին 15 վայրկեան:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար այցելեցէք Եւրաեսիլի քուէարկելու պաշտօնական կայքէջը:

Ներբերլու համար Եւրատեսիլի ծրագիրը IOS տեսակի գործիքներուն համար այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը:

Ներբերլու համար Եւրատեսիլի ծրագիրը Android տեսակի գործիքներուն համար այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը:




comments

Advertisement