
Կազմակերպութեամ ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն ՀՄԸՄ, Համազգային, ՀՕՄ, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին Կիրակի 28 Յունիս 2015ին Գօլստըն ճեմարանի <<Նալպանտեան>> սրահէն ներս տեղի պիտի ունենայ Սուրիահայութեան օժանդակութեան նուիրուած համերգ մը մասնակցութեամբ գաղութիս երգիչներուն:
Յիշենք որ նկատի ունենալով Սուիրհայութեան իրավիճակը վերոյիշեալ կազմակերպութիւնները հանդէս եկան կոչով մը իսկ այս շաբթուայ ընթացքին դուռէ-դուռ հանգանակութիւն կազմակերպեցին: Համերգը պիտի գայ եզրափակելու Սուրիահայութեան օժանդակութեան նուիրուած շաբաթը: