ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Միջ Մասնաճիւղային Բանակում

By armenia.com.au | Thursday, 02 July 2015

 

Ուրբաթ 3 Յուլիս 2015ին պիտի սկսի ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան միջ մասնաճիւղային բանակումը մասնակցութեամբ աւելի քան 70 պատանիներու եւ երիտասարդներու:

Բանակումը տեղի պիտի ունենայ Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանի շրջափակէն ներս:

Բանակումին պիտի մասնակցին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան <<Նիկոլ Դուման>> երիտասարդական մասնաճիւղը, <<Գալէ>>, <<Խանասոր>> եւ <<Գարեգին Նժդեհ>> պատանեկան մասնաճիւղերը:

Բանակումի պատասխանատու կամի անդամ ընկեր Գէորգ Թէրզեան ըսաւ <<Վերջին 3 ամիսներուն բանակաումի պատասխանատու կազմը ժրաջան աշխատանք տարաւ պատրաստելու համար պատշաճ յայտագիր մը մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն>>:

Իր կարգին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկեր Արա Մկրտիչեան ըսաւ <<Ուրախ ենք որ Երիտասարդական Միութիւնը աչքառու աճ մը կ'արձանագրէ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին: Այս աշխատանքին արդիւնքով Մելպուրնի եւ Սիտնիի Արեւմտեան շրջաններու մէջ վերակազմուեցան պատանեկան միութիւններու մասնաճիւղերը իսկ Սիտնիի հիւսիսային շրջանի մէջ պատանիներու թիւերը հետզհետէ կ'աւելնան: Լիայոյսենք որ այս բանակումը խանդավառութիւն պիտի ստեղծէ մեր երիտասարդութեան մօտ>>:

Յիշենք որ բանակումի վերջին օրը տեղի պիտի ունենայ Open Day մը որուն ընթացքին ծնողներուն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութեան տարած առաքելութեան մասին:


comments

Advertisement