Աւստրալիոյ Միաւորուած Եկեղեցին պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

By armenia.com.au | Tuesday, 28 July 2015



Աւստրալիոյ միաւորուած եկեղեցին Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-1923 թուականներուն հայ ժողովուրդին հետ տեղի ունեցածը պաշտօնապէս ճանչցած է որպէս Ցեղասպանութիւն:

Աւստրալիոյ միաւորուած եկեղեցին ազգային մակարդակի արդէն երրորդ մեծ կառոյցն է, որ 1915 թուականի դէպքերը՝ հայ ժողովուրդի սպանութիւնները եւ զանգուածային տեղահանումը կը ճանչնայ իբրեւ Ցեղասպանութիւն:

Կը հաղորդուի, որ քրիստոնէական բողոքական այս եկեղեցին Աւստրալիոյ մէջ ունի աւելի քան 2500 թեմ եւ շուրջ մէկ միլիոնէն աւելի հետեւորդներ: Անիկա թիւով երրորդ մեծ եկեղեցական հաստատութիւնն է՝ Անգլիական եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներէն ետք: Կառոյցին մաս կը կազմէ նաեւ Սիտնիի Հայ աւետարանական եկեղեցին:

comments

Advertisement