Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Հիմնադրութեան Յիսնամեակի Հանդիսութիւն

By Նշան Պասմաճեան , armenia.com.au | Monday, 07 September 2015

<<... ՀՕՄի ճանապարհը Հայու Ճանապարհն է...>>

Շաբաթ, 1 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7ին St Anne’s Ryde Anglican Auditoriumը լեցուած էր աւելի քան 250 հանդիսատեսներով, որոնք եկած էին տօնակատարելու ՀՕՄի յիսնամեայ յոբելեանը, հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանի: Հանդիսութեան կը նախագահէր ԱՄՆ-էն յատուկ այս առիթով ժամանած , ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Վիգի Մարաշլեան:

Դաշնակահար Ալեքս Սահակեանի կողմէ Աւստրալիոյ , Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներու նուագէն ետք Տիկին Աիդա Սարեան  հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յոտնկայս յարգելու յիշատակը յաւիտեան հեռացած ՀՕՄի ննջեցեալ բարերարներուն եւ ընկերուհիներուն ապա բեմ հրաւիրեց Աւստրալիոյ ՀՕՄի բազում տարիներու Շրջանային ու մասնաճիւղային վարչութեանց ինչպէս նաեւ մշակութային ու կրթական մարզերու մէջ իր մեծ ներդրումը ունեցող վեթերան ՀՕՄուհի Տիկին Մաքրուհի Քորթեանը արտասանելու համար բարի գալուստի իր խօսքը:

Տիկին Քորթեան մատնանշեց այն իրողութիւնը թէ ՀՕՄի համար անցնող յիսուն տարիներու իւրաքանչիւր օրը մարտահրաւէր եղած է, իւրաքանչիւր օր պարտաւորեցնող հանգամանք ունեցած եւ այդպէս՝ իւրաքանչիւր ՀՕՄուհիի համար եւ թէ Աւստրալիոյ ՀՕՄը կարեւոր աջակից շրջան եղած է եւ կը շարունակէ մնալ  ՀՕՄի Համազգային ծրագիրներուն եւ տիրական ներկայութիւն՝ Աւստրալահայ գաղութէն ներս:  << 50 տարիներու ընթացքին ՀՕՄը չընկրկեցաւ, ծաղկեցաւ, շողարձակեց հայութեան կեանքի բարեսիրական, կրթամշակութային թէ ընկերային բնագաւառներէն ներս եւ պատմութիւն գրեց ազգային անդաստանէն ներս>> ըսաւ Տիկին Քորթեան եւ եզրափակեց՝ << Սրդ, պատմական անջնջելի այս թուականին, մեր աչքերը յառած 50 ամեակի շքեղ բարձունքին ու տրոփը մեր սրտին, հպարտանքով ու հրճուանքով կ'ողջունենք արեւածագը յիսնամեակին կրկին անգամ  պարզելով գեղահիւս բազմերանգ դրօշը,  ծառայութեան գեղեցկագոյն նշանաբանով՝ <<Ժողովուրդիս հետ, ժողովուդիս համար>>:

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ասմունքով՝ գաղութի լաւագոյն ասմունքողներէն Տիկին Նորա Սեւակեան արտասանելով Սիամանթոյի <<Խեղդամահ>>ը : Երկար տարիներ հայ բեմէն բացակայելէն ետք իր ինքնատիպ ոճով Պարոն Վարուժան Սանճեան արտասանեց Պ. Սեւակի <<Քիչ ենք Բայց հայ Ենք>> ը: Մեներգեց Տիկին Մակի Պատէլեան որ յուզուած՝ յուզեց հանդիսականները <<Կարօտ>> երգով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Պրն Սագօ Տէմիրճեանի: Իզապէլ Մարգարեան իր թաւշեայ ձայնով մեներգեց <<Երազ իմ Երկիր>>ը , դաշնամուր՝ Ալեքս Սահակեան: Երիտասարդ Պաս երգիչ Քրիս Նազարեան տպաւորեց ներկաները  Կունոյի <<Ֆաուսթ>> էն <<Ոսկեայ Հորթը>> Արիաով : Դաշնամուրի վրայ դարձեալ ՝ Ալեքս Սահակեան :  Որոտընդոստ ծափերու արժանացան Քրիսն ու Ալեքսը:  Գեղարուեստական այս ճոխ յայտագիրը հարստացուցին Համազգայինի Սիտնի պարի Անսամպլի երեք մենապարուհիներ՝ Քոլէթ Մարտիրոսեան, Տաննա Մանուկեան եւ Ռոզմէրի Հալէպլեան, որոնք պարուսոյց Անիթա Խէրլոբեանի ուսուցանած <<Աշխարհի տարածքով>> պարը ներկայացուցին համաչափ քայլերով եւ ներդաշնակ ու ճկուն շարժուձեւերով: Հմուտ ջութակահար Կարէն Պօյմուշաքեան նուագեց Շինտլըրզ Լիսթ ժապաւէնի  եղանակը, ուր անգամ մը եւս փաստուեցաւ այս երիտասարդ ջութակահարին բարձրորակ տաղանդը: Իսկ տաղանդաւոր Ալեքս դաշնամուրի վրայ լաւագոյնս մեկնաբանեց  Է. Պաղտասարեանի <<Փրէլիւտ>>ը եւ Ա. Սգրիապինի շատ բարդ կտորներէն մին՝ <<էթիւտ>>ը:  Ցոյց տրուեցաւ ՀՕՄի յիսնամեայ գործունէութեան տեսանիւթ մը, ուր մեզմէ յաւերժ հեռացած  ինչպէս նաեւ տարեց բայց միշտ երիտասարդ ՀՕՄուհիներու երիտասարդութեան նկարները մեզ տարին 50 տարի ետ եւ անցեալի յուշերը որպէս իրականութիւն տողանցեցին մեր աչքերուն առաջ:

ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Տիկին Մարալ Փիլիպոսեան: Ան վճռակամօրէն յայտնեց. << Տօնակատարելով մեր Միութեան յիսնամեակը , թէեւ հոգեկան բաւարարութիւն է որ կը ստանանք սակայն քաջ կը գիտակցինք, որ ՀՕՄը տակաւին կարեւոր դեր ունի խաղալիք եւ այդ ճամբուն վրայ մենք աւելի՛ քան վճռակամ ենք շարունակելու այդ գործին ընթացքը, այնքան ժամանակ երբ կը տեսնենք մեր գլխաւոր գաղութներու քաղաքական յարափոփոխ ճակատագիրը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի մեր հայրենակիցներուն տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, ուսումնական եւ այլ դժուարութիւնները>>:

Հանդիսավարներ Տիկին Նորա Պաստաճեան եւ Տիկին Աիդա Սարեան , փոխն ի փոխ կատարեցին կոկիկ եւ բծախնդրութեամբ պատրաստուած յայտարարութիւններն ու ՀՕՄի վերաբերեալ պատմական իրողութիւնները, որոնք յաւելեալ որակ տուին ձեռնարկին:

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Վիգի Մարաշլեան փոխանցեց իր խօսքը իրազեկ դարձնելով ներկաները ՀՕՄի տարած համաշխարհային բնոյթով հսկայածաւալ աշխատանքին: Տիկին Մարաշլեան բարձր գնահատելէ ետք Աւստրալիոյ ՀՕՄի մասնակցութիւնը ՀՕՄի համահայկական բոլոր ծրագիրներուն ըսաւ.<< ...այսօր , ուր որ հարկ է , միջազգային թէ պետական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ, ՀՕՄը կ'իրականացնէ իր ընկերային , կրթական ու առողջապահական բազմապիսի ծրագիրներու երկար շարան մը, ինչպէս՝ շնողազուրկ երեխաներու խնամակալութիւն, զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներու օգնութիւն, կրթական նպաստներ (ամէն տարի աւելի քան 700 ուսանողներ կրթանպաստ կը ստանան), Ջաւախքի բազմազաւակ ընտանիքներու օգնութիւն, <<Ամանոր>> ծրագիր, որ Կաղանդի օրերուն ուրախութիւն եւ յոյս կը ներշնչէ Հայ երեխային, ծերունիին ու կարիքաւորին հայրենիքէն ներս թէ դուրս.  Արցախի եւ Պուլկարիոյ մէջ ՀՕՄի Սօսէ մանկապարտէզները(աւելի քան 400 մանուկներ <<Սօսէ>>ներու մէջ կը խօսին, կ'երգեն ու կ'ապրին Հայերէն), Որբախնամ Ծրագիրը  25 տարիէ ի վեր կը խնամէ Հայաստանի երկրաշարժին եւ Արցախեան պատերազմին հետեւանքով որբացած մանուկներ. Որբերու ուսման ծրագիրը, Ախուրեանի << Մօր ու Մանկան>> առողջութեան կեդրոնն ու ծննդատունը կը սպասարկէ 40000 բնակիչներու իսկ ծննդատան մէջ ամէն տարի կը ծնին աւելի քան 1200 մանուկներ: ՀՕՄը մեծ օժանդակութիւն կը բերէ Սուրիոյ կրթական հաստատութիւններուն, առանց որոնց հայապահպանումը կը վտանգուի, ասոր զուգահեռ ան կ'օժանդակէ Սուրիահայ կարիքաւորներուն <<Տաք Ճաշ>> , <<Տաքուկ Բնակարան>> եւ <<Հովանաւորէ Սուրիահայ Ընտանիք Մը>>  ծրագիրներով>> : Անդրադառնալով միջազգային գետնի վրայ ՀՕՄի տարած աշխատանքին Տիկին Մարաշլեան ըսաւ. << 1975էն ի վեր ՀՕՄը անդամ է ՄԱԿին իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն: ՀՕՄը յարատեւ կ'արծարծէ կանանց եւ երեխաներու իրաւունքներու հարցը ինչպէս նաեւ գործնապէս կը մասնակցի պատերազմի գօտիներու եւ աղէտներու օժանդակութեան ծրագիրներուն: Ցարդ ՀՕՄը աւելի քան 4 միլիոն Ամ. Տոլար յատկացուցած է մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներու>>:

Տիկին Մարաշլեան բարձր գնահատեց Աւստրալիոյ ՀՕՄի անվերապահ աջակցութիւնը վերոնշեալ ծրագիրներուն եւ իր խօսքը եզրափակեց՝ << Այսօրուան ձեռնարկը մեզի համար յաղթանակի ձեռնարկ է, որովհետեւ ան կու գայ փաստելու թէ հակառակ սփիւռքի եւ հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն , այս կազմակերպութիւնը աշխուժ եռանդով կը շարունակէ իր աշխատանքը իր շուրջ հաւաքելով նոր երիտասարդ ուժեր , տալով այն երաշխիքը թէ ան պիտի բոլորէ նոր հարիւրամեակներ, ՀՕՄականի վերանորոգ հաւատքով>>:

Յիսնամեակի առթիւ պարգեւատրուեցան հետեւեալ ՀՕՄուհիները իրենց 40 է աւելի եւ 50է աւելի տարիներու ծառայութեանց համար.

50 Տարիէն աւելի Ծառայողներ

Մարի Սարգիսեան,Յասմիկ Զարացեան,Անի Կաքաւեան,Հայկուհի Սողոմոնեան,Արշալոյս Վարդուկեան,Լիւսի Վարպետեան,Ընծայ Նոլ,Սօսի Չէլէպեան,Անուշ Լուսիկեան,Նուէր Մինասեան,Աննա Պապլանեան եւ Սոնա Մէլոյեան:

40 Տարիէ աւելի Ծառայողներ

Հիլտա Պօղոսեան,Ազնիւ Ինկիլիզեան,Արշալոյս Մանճիկեան,Ազատուհի Քէօսէեան,Րիթա Քէօսէեան,Արշօ Խաչերեան,Անժէլ Մանճիկեան,Մարկօ Մարտիրոսեան,Վարսենիկ Մկրտիչեան,Աղաւնի Ադամեան,Ալիս Իզմիրլեան,Արաքսի Տէմիրճեան,Խաչուհի Սարգիսեան,Մանուշակ Օհաննէսեան,Մարի Պապլանեան,Նուէր Մեծ Յակոբեան,Վարդուհի Փոլատեան,Եփրուհի Շնորհոքեան,Յասմիկ Խորէնեան,Տէսբինա Հայկազեան,Յասմիկ Թաշճեան,Լուսին Իզմիրեան,Սեդա Շէօհմէլեան,Լիզա Պաղտիկեան,Վանուհի Մարտիրոսեան եւ Գալուստ Իփրաճեան

Նախ քան <<Պահպանիչ>> , Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց փակման խօսքը, որ աւելի եւս իմաստալից ու խանդավառող դարձուց հանդիսութիւնը: Իր հիւմուրախառն արտայայտութիւններով Սրբազան Հայրը նախ գովաբանեց հանդիսութիւնը կազմակերպող յանձնախումբը որ կարողացաւ այսքան շատ բան ներկայացնել երկու ժամուան ընթացքին: << Համը մեր բերանը մնաց ըսաւ Սրբազանը, եւ այսպէս պէտք է ըլլան մեր բոլոր հանդիսութիւնները, կոկիկ եւ նպատկաուղղուած>>: Կազմակերպիչ Յանձնախումբի անդամները, յանձինս՝ Տիկնայք Այիդա Սարեանի, Մաքրուհի Քորթեանի, Յասմիկ Զարացեանի, Իդա Առաքելի, Մարկօ Մարտիրոսեանի, Նորա Պաստաճեանի, Ազնիւ Ինկիլիզեանի եւ Նորա Սեւակեանի, կարողացած էին մակարդակ տալ ձեռնարկին եւ զայն դարձնել յիշատակելի: Իր խօսքը ուղղելով ՀՕՄին Սրբազան Հայրը ըսաւ . << Եկող տարիները վճռական տարիներ պիտի ըլլան մեր ազգին համար, մենք արհեստավարժ օրիորդներու եւ տիկնանց ներդրումին պէտք ունինք, անոնք պիտի առնեն դրօշը եւ իրենք է որ պիտի ըսեն թէ ՀՕՄը ինչպէս պիտի կտրէ իր առաջ ինկած ճանապարհը, որովհետեւ ՀՕՄի ճանապարհը Հայուն Ճանապարհն է: Նայեցէք ՀՕՄի զինանշանին եւ պիտի տեսնէք թէ ինչպիսի իտէալի կը ծառայէ ՀՕՄը>>: Իր խօսքը ուղղելով բոլոր մայրերուն Սրբազան Հայրը յորդորեց ըսելով. << Տունէն ներս հայօրէն պիտի դաստիարակէք ձեր զաւակները, տունէն ետք միայն կու գան դպրոցը եկեղեցին եւ ակումբը: Հայուն աւիշը Հայ տունն ու Հայ Մայրը  կուտան>>:

Սրբազան Հայրը մաղթեց որ այս հանդիսութեան ստեղծած մեծ խանդավառութիւնը գոյատեւէ եւ այս գաղութը կարենայ տօնել ՀՕՄի հարիւրամեակը:

 

Անմոռանալի եւ յիշարժան երեկոյ մը:

 

Դիտելու համար հանդիսութեան նկարները կը խնդրուի այցելել հետեւեալ կայքէջը:







comments

Advertisement