Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ Ռայոնական Ժողով - Պուէնոս Այրէս, 5-6 Սեպտեմբեր 2015

By ARF Press Office | Monday, 07 September 2015

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ Ռայոնական Ժողովը գումարուեցաւ 5-6 Սեպտեմբերի շաբաթավերջին, Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ, մասնակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի, Հայ Դատի Ուաշինկթընի Գրասենեակի, եւ Ամերիկեան ցամաքամասի ու Աւստրալիոյ կազմակերպական հինգ շրջաններու մարմիններէն 22 ներկայացուցիչներու։

Իր չորս նիստերու ընթացքին, Ռայոնական Ժողովը բազմակողմանի քննութեան տակ առաւ Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան առջեւ ծառայած մարտահրաւէրները Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Արեւմտեան աշխարհի, Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր, ինչպէս նաեւ լսեց իւրաքանչիւր մարմնի գործունէութեան զեկոյցը եւ առաջարկները։

Հ.Յ.Դ. 125ամեակի տօնակատարութիւններու շէմին կայացուած այս քննարկումները յատկապէս կեդրոնացան Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի զօրակցութեան, ՀՀ Սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացին, Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, կազմակերպական հզօրացման, երիտասարդութեան ներգրաւման, Հայ Դատի աշխատանքներու հունաւորման եւ ազգային ներուժի ամրապնդան խնդիրներուն վրայ։


comments

Advertisement