ՍԴՀ Կուսակցութեան Քսան Անմահներու Նահատակութեան 100ամեակի Ոգեկոչում Աւստրալիոյ Մէջ

By Asbarez | Saturday, 19 September 2015

0000AUSTRALIA

Կիրակի, 13 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Սիտնիի <<Զենիդ>> սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Քսան կախաղաններու նահատակութեան 100ամեակի ոգեկոչումը:


Յուշ-երեկոն կազմակերպուած էր Աւստրալիոյ շրջանի Վարիչ մարմինին կողմէ, հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանի:
Օրուան բանախօսն էր ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեան:


Հիւրերու շարքին էին Լիբանանի խորհրդարանի անդամ եւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Սեպուհ Գալփաքեան, Կեդր. վարչութեան անդամ Վազգէն Գալթաքճեան (Միացեալ Նահանգներէն), գաղութին մէջ գործող կուսակցական, մշակութային, եկեղեցական, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ։


Բացման խօսքը կատարեց Թորոս Պոյաճեան: Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Քսաններու նահատակութեան 100ամեակին նուիրուած <<Քսաններու Լուսաբացը>> տեսաերիզը:


Իբրեւ վեթերան նուիրեալ կուսակցականներ, իրենց տարիներու վաստակին համար ՍԴՀԿ <<Փարամազ>> շքանշանով պարգեւատրուեցան Սիրուն Չիլինկիրեան, Վրէժ Մանուկեան եւ Ճոն Տէմիրճեան:


Գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ <<Նոր Սերունդ>> մշակութային միութեան պարախումբը։ Հայրենասիրական եւ ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ Վարդան Սվազլեան:


Աւստրալիոյ շրջանի խօսքը փոխանցեց շրջանի ատենապետ Վաչէ Թօփուզեան եւ ապա հրաւիրեց օրուան բանախօսը:
Ձեռնարկի աւարտին առաջնորդ սրբազանը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն եւ պահպանիչով փակեց յուշ-երեկոն:

comments

Advertisement