Աւստրալիոյ մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125 ամեակի միջոցառումները նուիրուած Արցախի ազատագրական պայքարին

By armenia.com.au | Monday, 21 September 2015



Սիտնի.- Աւստրալիոյ մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան <<Դրօ>> Կոմիտէն յայտարարեց թէ Աւստրալիոյ մէջ ՀՅԴ 125 ամեակի միջոցառումները նուիուած պիտի ըլլան Արցախի ազատագրական պայքարի, եւ այս առիթով միջազգային հիւրեր պիտի հրաւիրուին Աւստրալիա արժանավայել ձեւով նշելու կուսակցութեան յոբելեանը Սիտնիի եւ Մելպուրնի մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ Դաւիթ Իշխանեան պիտի ըլլայ գլախաւոր բանախօսը Սիտնիի եւ Մելպուրնի գեղարուեստական ձեռնարկներուն:

Արցախեան ազատամարտիկ Դաւիթ Իշխանեանը ներկայիս ղեկավարն է ԼՂՀ-ի մէջ ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան, ինչպէս նաեւ ան ներկայացուցիչն է ՀՅԴ ԼՂՀ Կեդրոնական Կոմիտէի:

Ազգագրական եւ հայրենասիրական երգերու մեկնաբաններ՝ Ռուբէն Սասունցի, Գոհար Յովհաննէսեան եւ Աղասի Իսպիրեան իրենց մասնակութիւնը պիտի բերեն այս կարեւոր յոբելեանին:



ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Գայսէրեան բացատրեց թէ ինչու ՀՅԴ 125 ամեակի միջոցառումները նուիրուած են Արցախի ազատագրական պայքարին: Ան ըսաւ <<Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութիւնը իր կազմութեան օրէն լեցուն է յատկանշական դէպքերով ինչպէս՝ Ցեղասպանութիւնը, Հայաստանի առաջին անկախութիւնը, Նէմէսիսի գործունէութիւնը, Սփիւռքի կազմաւորումը, Հայ Դատի պահանջատիրական աշխատանքները, եւայլն: Բոլորին մէջ ալ Դաշնակցութիւնը ունէր իր ընելիքը: Արցախի ազատագրական պայքարն ալ Դաշնակցութեան արդի պատմութեան յատկանշական դէպքերէն մէկն է որուն ընթացքին ՀՅԴ-ի կարեւոր դերակատարութեան շնորհիւ այսօր Լեռնային Ղարաբաղը ազատ եւ անկախ հանրապետութիւն է>>:

<<ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Դրօ>> կոմիտէն որոշեց ՀՅԴ 125 ամեակի միջոցառումները նուիրել Արցախի ազատագրական պայքարին լուսարձակի տակ առնելու հերոսական յաղթանակը որմէ կարեւոր դասեր ունի սորվելիք մեր նոր սերունդը: Ինչպէս նաեւ միջոցառումներուն շնորհիւ աշխատանք պիտի տանինք բացատրելու Արցախի ներկայիս դիմագրաւած ռազմաքաղաքական, աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական դժուարութիւնները>> աւելցուց Գայսէրեան:

ՀՅԴ 125 ամեակի միջոցառումներէն են՝

ա- ՀՅԴ 125 ամեակի նուիրուած երգահանդէս Ուրբաթ 27 Նոյեմբեր 2015-ին մասնակցութեամբ Աղասի Իսբիրեանի, Ռուբէն Սասունցիի եւ Գոհար Յովհաննէսեանի North Sydney Leagues Club-ի սրահէն ներս:

բ- ՀՅԴ 125 ամեակի եւ Մելպուրնի շրջանի ՀՅԴ հիմնադրութեան 50 ամեակի նուիրուած պարահանդէս 28 Նոյեմբեր 2015-ին Մելպուրնի մէջ:

գ- ՀՅԴ 125 ամեակի նուիրուած գեղարուեստական յայտագիր նուիրուած Արցախի ազատագրական պայքարի Կիրակի 29 Նոյեմբեր 2015-ին Chatswood-ի The Concourse շքեղ հանդիսասրահէն ներս: Գեղարուեստական յայտագրի ընթացքին օրուայ պատգամը պիտի փոխանցէ ԼՂՀ խորհրդարանի անդամ Դաւիթ Իշխանեան ինչպէս նաեւ գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ պիտի ունենան գաղութիս պարախումբերն ու տաղանդաւոր երգիչները: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ ազգագրական երգերու մեկնաբաններ Աղասի Իսպիրեան, Ռուբէն Սասունցի եւ Գոհար Յովհաննէսեան:

դ- Շաբաթ 5 Դեկտեմբեր 2015-ին տեղի պիտի ունենայ Արցախի նուիրուած խորհրդաժողով մը որուն պիտի մասնակցի ԼՂՀ խորհրդարանի անդամ Դաւիթ Իշխանեան եւ այլ հիւր բանախօսներ որոնք պիտի անդրադառնան ԼՂՀ ներկայ իրավիճակին եւ ապագայ ծրագիրներու մասին:

Բոլոր միջոցառումներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ շուտով կը փոխանցենք:

comments

Advertisement