Վերահանդիպման Կոչ - Թարգմանչաց վարժարանի 50 ամեակի առիթով

By armenia.com.au | Wednesday, 07 October 2015

 

Համազգայինի Կրդական եւ Մշակութային Միութեան <<Շանթ>> մասնաճիւղի վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Թարգմանչաց» շաբաթօրեայ վարժարանին համար յատկանշական թուական մըն է 2015ը: Կէս դար անդադար սերունդ մը հասցուցած գաղութիս տիտաններէն մէկը եղած է այս դարբնոցը՝ զորս կը բոլորէ իր յիսնամեակը:

Այս ուրախ առիթով <<Շանթ>> մասնաճիւղի վարչութիւնը հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան հետ միատեղ, կը հրաւիրէ Թարգմանչաց Վարժարանի  յիսուն տարիներու անցեալի թէ ներկայի բոլոր Տնօրէնները,  Հոգաբարձական թէ Ուսուցչական կազմերը՝ եւ ամբողջ աշակերտութիւնը ներկայ գտնուելու վարժարանին հիմնադրութեան 50 ամեակի հանդիսութեան։

Վարչութիւնս  կը ձեռնարկէ տօնախմբել զայն պատշաճ գեղարուեստական յայտագրով մը, կենրանացնելու համար իր կէս դարու տարած յամառ եւ տքնաջան աշխատանքը մեծարելով  իր բոլոր շրջանաւարտները:

Յայտագրէն ետք տեղի պիտի ունենայ Վերահանդիպումի հաւաքոյթ՝ Reunion Cocktail Party:

Երեկոն տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ 17 Հոկտեմբեր 2015ին երեկոյեան ժամը 7:00ին:

St Anne`s  Anglican  Church Auditorium

42 Church Street  Ryde

Վերահանդիպումի կոչ կ՝ուղղենք 1965-2015-ի բոլոր անոնց, որոնք մասնակցութիւն բերած են Վարժարանէն ներս զանազան աշխատանքներով։

Եկէ՝ք  միասնաբար տօնախմբենք մեր սիրելի Թարգմանչաց Վարժարանին 50 ամեակը։ Ապրի՝նք  ու վերակենդանացնենք անոր հին յիշատակները։

 

Ընկերային բարեւներով՝

Համազգայինի Շանթ Մասնաճիւղի Վարչութիւն և Թարգմանչաց Վարժարանի Հոգաբարձութիւն և Տնօրէնութիւն

comments

Advertisement