Հաղորդագրութիւն

By armenia.com.au | Thursday, 29 October 2015



Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առթիւ , համագործակցութեամբ Ուիլուպիի Քաղաքապետարանին, Կիրակի 8 Նոյեմբերի կէսօրէ ետք ժամը 4ին տեղի պիտի ունենայ Խաչքարի մը օրհնութեան եւ քօղազերծման արարողութիւնը Չացուուտի Beauchamp Parkի մէջ : Հասցէ՝ Corner Nicholson and Darling Streets, Chatswood: Խաչքարը գործն է աշխարհահռչակ Խաչքարագործ՝ Վարպետն Վարազդատ Համբարձումեանի:

Վարազդատ Համբարձումեան Սիտնի պիտի ժամանէ եւ Սիտնիի մէջ պիտի ամբողջացնէ Խաչքարի քանդակումը:

Մինչ Խաչքարի օրհնութիւնը, Վարզդատ Համբարձումեան պիտի այցելէ Հայկական Վարժարաններ եւ հաստատութիւններ , նաեւ պիտի ունենայ հրապարակային ելոյթներ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ժամանակագրական կարգով ծրագիրը.

Կիրակի 1 Նոյեմբեր երեկոյեան ժամը 7
Հանդիպում ժողովուրդի հետ եւ կենդանի բացատրութիւն խաչքարագործութեան մասին
Վայր՝ Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցի, Էտկարեան Սրահ

Հինգշաբթի 5 Նոյեմբեր առաւօտեան ժամը 10 – 12

Hանդիպում Ուիլուպիի վարժարաններու աշակերտներուն հետ, կենդանի բացատրութիւն տալու համար Խաչքարի քանդակումի մասին:
Վայր՝ Beauchamp Park - Մուտքը ազատ է բոլորին:

Հինգշաբթի 5 Նոյեմբեր կէսօրէ ետք ժամը 2 – 4
Հանդիպում Ուիլուպիի ժողովուրդին եւ արուեստագէտներու հետ , կենդանի բացատրութիւն տալու համար Խաչքարի քանդակումի մասին:
Վայր՝ Beauchamp Park - Մուտքը ազատ է բոլորին:

Հինգշաբթի 5 Նոյեմբեր երեկոյեան ժամը 7
Հանդիպում ժողովուրդի հետ եւ կենդանի բացատրութիւն խաչքարագործութեան մասին
Վայր՝ Հայ Մշակութային Կեդրոն Ուիլուպի

Ուրբաթ 6 Նոյեմբեր առաւօտեան ժամը 10 – 12
Հանդիպում Ուիլուպիի վարժարաններու աշակերտներուն հետ կենդանի բացատրութիւն տալու համար Խաչքարի քանդակումի մասին:
Վայր՝ Beauchamp Park - Մուտքը ազատ է բոլորին:

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները օգտուելու այս եզակի առիթէն մօտէն ճանչնալու համար մեր պապերէն ժառանգ մնացած խաչքարագործութեան արուեստը:

Դիւան Առաջնորդարանի

comments

Advertisement