Խաչքարի Զետեղում Չացուուտի Beauchamp Parkի մէջ

By armenia.com.au | Tuesday, 24 November 2015

Համագործակցութեամբ  Ուիլուպիի Քաղաքապետարանին, Աւստրալիոյ  մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին մաս կազմող Հայկական Կազմակերպութիւններուն (Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական Եկեղեցիներ, ՍԴՀԿ,ՀՅԴ, ՌԱԿ, Համազգային, ՀԲԸՄ), Կիրակի  8 Նոյեմբերի կէսօրէ ետք ժամը 4ին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին  նուիրուած Խաչքարին օրհնութեան եւ քօղազերծման արարողութիւնը, Չացուուտի Beauchamp Parkի մէջ, ի ներկայութեան բազմահարիւր Հայ եւ ոչ Հայ հանդիսականներու:  Խաչքարը գործն է աշխարհահռչակ Խաչքարագործ՝  Վարպետն Վարազդատ Համբարձումեանի: Նոյն ատեն Ուիլուպի Քաղաքը եւ Երեւանի Նոր Նորքի Վարչական Շրջանը յայտարարուեցան Քոյր Քաղաքներ:

Ներկայ էին Ուիլուպիի քաղաքապետ Տիկին Կէյլ Կայլզ Կիտնին, Քաղաքապետարանի բոլոր անդամները, Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի ընդհանուր գանձապետ՝ Կլատիս Պէրէճիքլեան, National Council of Churches in Australiaի ընդհանուր քարտուղարուհի՝ Քոյր Էլիզապէթ Տիլէյնին, Կաթոլիկ Պրօքըն Պէյ թեմի ներկայացուցիչներ,  Հայ կաթողիկէ Համայնքապետ Գերյարգելի Բարսեղ Ծ.Վ. Սուսանեան, Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր. Յակոբ Սարգիսեան, Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախագահ Վեր. Գրիգոր Եումուշաքեան, Հայկական քաղաքական,  մշակութային, բարեսիրական, կրթական, մարզական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները : Հանդիսութիւնը վարեց Քաղաքապետարանի անդամ Տէպրա Ճասթ:

 

Նախ քան քօղազերծման արարողութիւնը կարդացուեցաւ Նոր Նորքի վարչական ղեկավար Արմէն Ուլուխանեանի նամակը ուղղուած Քաղաքապետին, որով , յանուն Նոր Նորքի Վարչական Շրջանին , ան պատրաստակամութիւն կը յայտնէր գործակցելու երկու քաղաքներու համաձայնագրի ծիրէն ներս:

Պաշտօնական խօսք արտասանեց Քաղաքապետուհի Կիտնին, որ ըսաւ  « Հայութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Ուիլուպիի մէջ եւ կը շարունակէ ունենալ: Ինչ կը վերաբերի Նոր Նորքի հետ Բարեկամ Քաղաքներու Համաձայնութեան՝ անոր նպատակն է զարգացնել փոխ շահաւէտ յարաբերութիւն երկու քաղաքներուն միջեւ կրթական, մշակութային, մարզական, առողջապահական եւ այլ մարզերու մէջ»: Դրուատելէ ետք Վարազդատ Համբարձումեանի կատարած անզուգական աշխատանքը Քաղաքապետուհին իր խօսքը եզրափակեց ըսելով՝ «Այս Խաչքարով կու գանք ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը եւ ինծի համար մեծ պատիւ է զայն քօղազերծելը»: Տիկին Կիտնի իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնեց Արժ. Տէր Աւետիս Քահանայ Համբարձումեանին, Տիկին Զեփիւռ Մուրատեանին եւ Տիարք Սարգիս Մուրատեանին եւ Նշան Պասմաճեանին, Քաղաքապետութեան կողքին իրենց տարած հետեւողական աշխատանքին համար ի նպաստ Խաչքարի Ծրագրին եւ այսօրուան ձեռնարկին յաջողութեան:

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Քաղաքապետուհիին եւ քաղաքապետարանի իւրաքանչիւր անդամին,  բոլոր եկեղեցիներուն, Հայկական կազմակերպութիւններուն եւ անհատ նուիրատուներուն, որոնք նիւթապէս զօրակցեցան Խաչքարի ծրագրին իրականացման  , ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն: Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան 100ամեակին՝ Սրբազան Հայրը ըսաւ որ արդարութիւնը անժամանցելի է եւ, ուշ կամ կանուխ, ան պիտի հաստատուի Հայ ժողովուրդին համար:

 

Խօսք առին Ուիլուպիի հայ տարեց սերունդին անունով ՝ Պրն Պերճ Տէօքմէճեան եւ հայ կրտսեր սերունդի անունով՝ Օրիորդ Գայանէ Մուրատեան:

Քօղազերծումը կատարեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանը, ներկայացնելով Աւստրալիոյ Հայ համայնքը, Քաղաքապետուհի՝ Կէյլ Կայլզ Կիտնին, որպէս ներկայացուցիչ Ուիլուպի քաղաքին եւ Սարգիս Մուրատեանը, ներկայացնելով Նոր Նորքի Քաղաքապետութիւնը: Քօղազերծման պահուն ՀՄԸՄ Արարատ Մասնաճիւղի 15 Սկաուտներն ու Արենոյշները , «Պատուի Առ» ով, Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Քառասուն Մանկանց Երգչախումբին  հետ, ղեկավարութեամբ Վարդան Սրկ. Էլմասեանի, միասնաբար երգեցին Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները: Ապա Սրբազան Հայրը , ընկերակցութեամբ Հոգեշնորհ Տէր Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեանի, Արժանապատիւք Տէր Նորայր Աւագ Քահանայ Բաթանեանի, Տէր Պարթեւ Քահանայ Գարագաշեանի, Տէր Աւետիս Քահանայ Համբարձումեանի եւ Սարկաւագաց դասին, նախ օրհնեց Վարպետն Վարազդատը ապա կատարեց Խաչքարի օրհնութիւնը :

Փակման աղօթքէն ետք հրաւիրեալները ուղղուեցան Էտկարեան Սրահ հիւրասիրութեան մը պատրաստուած Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ: Հանդիսութիւնը վարեցին Օրիորդներ՝ Գայանէ Մուրատեան եւ Իլտա Զօրլու: Վարազդատ Համբարձումեան երկու գծանկարներ նուիրեց մին՝ Քաղաքապետուհիին իսկ միւսը՝ Սրբազան Հօր: Գծանկարները կը խորհրդանշեն Ուիլուպի քաղաքի եւ Հայ համայնքի բարեկամութեան կոթողներ: Ընդհանուր խանդավառութեան ընթացքին խօսք առին  Վարպետը ,Քաղաքապետուհին եւ Սրբազան Հայրը:

Նոյեմբեր 8ը պիտի մնայ Պատմական  Օր Աւստրալահայութեան համար:

 

Իրենց Սիտնի կեցութեան ընթացքին Վարազդատ Համբարձումեան եւ իր օգնականը՝ Գարիկ Յովհաննէսեան այցելեցին Հայկական միօրեայ եւ ամէնօրեայ վարժարաններ եւ բացատրեցին եւ գործնապէս ուսուցին Խաչքարագործութեան արուեստը հայ ուսանողութեան մօտ ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն: Անոնք ունեցան երկու ժողովրդային ելոյթներ եւ տուին հարցազրոյցներ հայկական ռատիօժամերու եւ հեռատեսիլի կայանին:






comments

Advertisement