ՀՅԴ 125 Ամեակի Փառահեղ Տօնակատարութիւն Սիտնիի Մէջ

By Nishan Basmajian - armenia.com.au | Tuesday, 22 December 2015

Սիտնի.- Մամուլի մէջ յայատարարուած էր որ ՀՅԴ ի ծննդեան 125ամեակի տօնակատարութիւնը պիտի կատարուէր փառահեղ կերպով: Իրօք, 29 Նոյեմբեր 2015ին Չացուուտի Քոնքորս հանդիսսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ այդ՝ խոստացուած որակով, նախատեսուած մակարդակով:

Մուտքին՝ 28 էջանոց գրքոյկ մը կը տրուէր իւրաքանչիւր հանդիսատեսի, որոնց թիւը աւելի քան 700, ուր տպուած էին Աւստրալիոյ ՀՅԴ Դրօ Կոմիտէի խօսքը, Պատմական ակնարկ մը ՀՅԴի գործունէութեան, հանգրուանային բաժանումներով, մէջբերումներ Դաշնակցական թէ ՀՅԴի համակիր մտաւորականներէ, գործիչներէ, մարտիկներէ <<Խորհուրդներ ու Վկայութիւններ>> ընդհանուր խորագրի տակ: 26 երաշխաւորներ իրենց շնորհաւորագիրները դրած էին այդ գրքոյկին մէջ: Հանդիսութիւնը կազմակերպող յանձնախումբը, բաղկացած Տիկին Նորա Սեւակեանէ եւ Տիարք Ասատուր Շուկայեանէ, Հարմիկ Յակոբեանէ, Վրէժ Աւետիսեանէ շնորհակալ աշխատանք տարած էր հանրութեան ներկայացնելով հարուստ, ճոխ բայց միեւնոյն ատեն դաստիարակիչ յայտագիր մը: Յաջողած էին հանդիսատեսին հետ <<բան մը տուն ուղարկել>>  : Գովելի՛:

<<Խորհուրդներ ու Վկայութիւններ>> բաժինը լի է 19րդ եւ 20րդ դարերուն խօսուած կամ գրուած մտահոգութիւններով սակայն զուգահեռ կ'ընթանան 21րդ դարուն հայկական մտահոգութիւններուն հետ: Իրենց այժմէականութեան համար ճիշտ ընտրուած էին այդ մէջբերումները: Արդ կարելի չէր <<տուն չտանիլ>> Քրիստափորի <<Ոչ մի բռնութիւն, ոչ մի սահման չէ կարող բաժանել մի ժողովուրդ եթէ նա տոգորուած է ընդհանուր շահերի գիտակցութեամբ, միացած է դարերով սնուած ու պահպանուած ընդհանուր բնազդների ու զգացմունքների առողջ զարկերով>>, կամ Նիկոլ Դումանի <<...ինչ էլ լինի, թէ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է>>, կամ ֆէատայիի մասին խօսելով Գէորգ Չաւուշի խօսքը << Էհ, արծուի ճուտեր,մենք որ այս փոքր նեղութիւնը չկրնանք տանիլ, ինչպէ՞ս տանի այն հերոս ժողովուրդը, որ ամէն օր զրկանք-չարչարանքներու ենթակայ է:>> Եւ վերջապէս ինչպէ՞ս տուն չտանիլ Յակոբ Օշականի Յակոբ եւ Հրայր Մարուխեանի խօսքերը ուր առաջինը կ'ըսէ << Կ'ուզեն որ Դաշնակցութեան    հայհոյեմ: Դաշնակցութիւնը մեր նահատակներուն թափօրն է: Իմ բերանս վարժ չէ սրբապղծութեան...ինչպէ՞ս հայհոյեմ Դաշնակցութեան...>> իսկ երկրորդին խօսքերը, զորս ականջի օղ պէտք է դարձնէ իւրաքանչիւր հայ ինչ ալ ըլլայ անոր պատկանելիութիւնը եւ իր գլխուն վերեւ եղած դրօշը՝ << ...մեր ժողովուրդը աւելի քան երբեք պարտաւոր է մտածել իբրեւ մէկ ժողովուրդ, մէկ ազգ: ՄԻԹԷ՞ ՄԷԿ ԱԶԳ ՉԵՆՔ>>:

Երեքուկէս ժամ տեւող յայտագիրը սկսաւ Աւստրալիոյ ՀՄԸՄի Սկաուտական կազմի (թիւով 100ի մօտ) տողանցք- մուտքով, որոնք բարձրացան  բեմ,  ուր Իզապէլ Մարգարեան եւ Թամար Աղաջանեան, թաւշեայ ձայներով, յաջորդաբար երգեցին Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի Քայլերգները:

Բարի Գալստեան խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամ Ընկեր Մովսէս Ինճէճիկեան: Ընկեր Ինճէճիկեանի բարի գալստեան խօսքը պարզ քաղաքավարական բնոյթ կրող խօսք չէր, քաղաքականացած, վճռակամ, յանձնառու հայ երիտասարդի պատգամն էր ու ծրագիրը, որ դրսեւորեց եւ անոնցմով վարակեց մեծն ու փոքրը, յոյսը վերանորոգելով բոլոր թերահաւատներուն, որոնք Հայ երիտասարդութեան Հայու աննկուն ոգին կասկածի տակ դրած էին:

<<Մենք Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան բոլոր անդամներս, կը հաւատանք եւ աշխատանք կը տանինք Սեւրի դաշնագրի Ուիլսընեան Իրաւարար վճիռը իրականացնելու համար:Քաղաքական գետնի վրայ այս փաստաթուղթը, տակաւին ի զօրու է : Սեւրի դաշնագիրը միջազգային հանրութեան պարտադրելու համար մենք միշտ կը նայինք մեր զինանշանին:Ներկայիս, գրիչն է որ բռնած կը պայքարինք,բայց  ի հարկին , թող թուրքը իմանայ,Խանասորն ու Վիտոշը վկայ,Նեմեսիսն ու Արցախը վկայ, սուրը երբեք չէ սրբուած մեր զինանշանին վրայէն, այլ միշտ կանգնած կը մնայ մեր նահատակներուն արիւնով ներկուած կարմիր դրօշին դիմաց>>:

Խօսելով թէ ինչ մարզերու մէջ կը թրծուի Աւստրալիոյ Դաշնակցական երիտասարդը Ինճէճիկեան հաստատեց .

<<125 տարուան յարատեւ պայքարի արդիւնքով է որ ներկայիս Աւստրալիոյ մէջ Հայ Երիտասարդը կը սորվի Սարգիս Կուկունեանի նախաձեռնութիւնը, Ռոստոմի եկեղեցասիրութիւնը, Սպաղանաց Մակարի հնազանդութիւնը, Դրոյի խիզախութիւնը, Ռուպինայի գաղտնապահութիւնը, Արշաւիր Շիրակեանի սառնասրտութիւնը, Ռուբէնի դիւանագիտութիւնը, Լիզպոնի Հինգի զոհաբերութիւնը, Համբիկ Սասունեանի համբերութիւնը, Սարգիս Զէյթլեանի խոհեմութիւնը, Բեկորի աննկուն կամքը ու շարք մը այսպիսի հայրենավայել  յատկութիւններ, որոնցմով պէտք է զինուի ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ>>:

Խօսելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ապակեդրոնացեալ գործելաոճին մասին Ինճէճիկեան ՝ <<այս գործելաոճը մեր գոյատեւման բանալիներէն մէկն է, որ առիթը կ'ընծայէ  ազգասէր երիտասարդներ արտադրել, որոնք իրենց ուժերուն եւ երկրի պայմաններուն համեմատ նիզակներ կը փորձեն դառնալ թուրքին սրտին մէջ>>:

Հայ երիտասարդութեան կարծիքը Արցախեան յաղթանակին մասին հետեւեալն է՝ Ինճէճիկեանի բառերով. <<Այս յաղթանակը մէկ մասնիկն է ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումին, որ ոչ թէ միայն 11,000 քառ. քիլոմեթր հող միացուց արդի Հայաստանին, այլ միացուց նաեւ Հայրենիքն ու սփիւռքը համազգային պայքար  մղելու համար>>:

Հանդիսութեան երկու բաժիններուն ընթացքին կիրարկուեցաւ գեղարուեստական խանդավառող ու հայադրոշմ յայտագիր: Իրենց ազգային 10 երգերով մթնլորտը ճոխացուցին 125ամեակի առիթով Հայաստանէն ժամանած երգիչներ՝ Գոհար Յովհաննիսեան, Ռուբէն Սասունցի եւ Աղասի Իսպիրեան: Երգուեցան, ի միջի այլ երգերու, <<Թբի Բորան>>ը, << Պատերազմ էք գնում>>ը, <<Արծիւ Սլացիր>>ը բուռն ծափահարութիւններ խլելով ներկաներէն: Ասմունքեցին Վարուժան Սանճեան՝ << Տատրագոմի Հարսը>> էն հատուած մը եւ Մանուկ Կոտոյեան <<Շուշիի Կանչը>> : Նորա Սեւակեան կատարեց պարբերական ազգայնաշունչ ընթերցումներ:Այս երեք հմուտ ասմունքողները վերջին մէկ տարուան ընթացքին նոր փայլք տուին Աւստրալահայ բեմին եւ հայ բանաստեղծութեան: Մանուկ Կոտոյեան նոր յայտնութիւն է, ասմունքի մարզի մէջ փայլուն ապագայով:

Համազգայինի երկու պարախումբեր՝ Նայիրի եւ Սիտնի Պարի Անսամբլ, բազմատասնեակ պարող երիտասարդ- երիտասարդուհիներով, եկան անգամ մը եւս փաստելու որ  Հայ պարարուեստը ինչպիսի բարձր մակարդակի հասած է Սիտնիի մէջ: Պարերը ուսուցուած էին վաստակաւոր պարուսոյցներ Հրաչեայ Պատալեանի(Նայիրի) եւ Կիկօ Կիրակոսեանի(Ս.Պ.Անսամբլ) կողմէ:

Համազգային Նուպար Խաչատուրեան Թատերախումբը ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամներու հետ միասնաբար ներկայացուցին <<ՀՅԴ Հիմնադրութենէն Պատկեր մը>> եւ <<Արցախեան պատերազմէն Օրագիր մը>>  թատերական երկու սքէչներ: Բեմադրիչ՝ Կարօ Խաչիկեան: Շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ Խաչիկեան կարողացաւ հանդիսատեսին բացատրել թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներու նպատակն էր ստեղծել Հայ Յեղափոխականներու Դաշնակցութիւնը, խմբաւորելով բոլոր յեղափոխական կորիզները մէկ դրօշի տակ եւ մէկ նպատակի շուրջ:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեան  ներկայացուց Կոմիտէի խօսքը: Գայսէրեան իր խօսքը սկսաւ հաստատելով՝ <<Լաւապէս ճանչնալու համար քաղաքական կազմակերպութիւն մը, նախ պէտք է ծանօթանալ անոր գաղափարախօսութեան>>: Ան գործնական փաստերով բացատրեց ներկաներուն թէ գաղափարախօսական ինչ հիմերու վրայ էր հիմնուած Դաշնակցութիւնը եւ թէ այդ գաղափարախօսութիւնն էր որ մղած էր այս կուսակցութիւնը ունենալու գործելաոճ եւ գործելադաշտ: Գայսէրեան շեշտը դրաւ Դաշնակցութեան ազգայնականութեան եւ ընկերվարականութեան վրայ:

<<Մեր գաղափարական սկզբունքները նոյնքան կարեւոր են այսօրուան հայկական իրականութեան համար, ինչպէս կարեւոր էին 1890ին: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հպարտօրէն ճանչցուած է իբր ազգայնական եւ ընկերվարական կուսակցութիւն:  Ազգայնականութիւնը կը նշանակէ  անչափ սէր հանդէպ հայրենիքին եւ հայ ազգին: Ազգայնականութիւնը  կենդանի պահած է մեր Հայ Դատը եւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի մեր ձգտումը:

Դաշնակացական ազգայնականներուն կը պարտինք Նեմեսիսի գործունէութեան գործադրումը: Դաշնակցական Ազգայնականներ էին որոնք սգակիր Հայ ժողովուրդը արթնացուցին, պայքարեցան եւ 1918ին կերտեցին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը: Ազգայնական Դաշնակացականներ էին ,որոնք կազմակերպեցին Սփիւռքը, որոնք վեր պահեցին Կարմիր, Կապոյտ, Նարնջագոյն դրօշը, երբ Սովետական Միութիւնը արգիլած էր Հայ ազգայնականութիւնը:

Դաշնակցական ազգայնականներն էին, որոնք վառ պահեցին Հայ Դատը, սուրո՛վ զինեալ պայքար մղելու , գրիչո՛վ Հայ Դատի յանձնախումբեր հիմնելով քաղաքական աշխատանք տանելու:

Եւ դաշնակցական ազգայնականներ առաջիններէն էին որ լքեցին իրենց հանգստութիւնը երբ Արցախի ազատագրման շարժումի կոչը հնչեց Հայ Աշխարհին:

Ազգայնականութիւնը այսօր նոյնքան կարեւոր է Հայ իրականութեան համար քան երբեք: Այս անսակարկ եւ մաքուր, եւ ինչու չէ երբեն ծայրայեղ սէրը, ազգայնական սէրը հանդէպ Հայրենիքին, հրամայական է այսօր Հայաստանի մէջ՝ Հայաստանի համար:

Անսակարկ Ազգայնական  Դաշնակցականը  չի կրնար արտօնել, որ  իր Հայրենիքին վրայ իշխեն չարագործներ:

Անսակարկ Ազգայնական Դաշնակցականը չի կրնար հանդուրժել անօթութիւն եւ աղքատութիւն Հայրենիքին մէջ:

Անսակարկ Ազգայնական Դաշնակցականը անկարելի է որ սակարկութեան առարկայ դարձնէ Արցախի Հայկական հողերը:>>

Խօսելով Դաշնակցութեան Ընկերվարական գաղափարախօսութեան մասին Գայսէրեան ըսաւ . <<ՀՅԴի Ընկերվարական սկզբունքները աւելի բարդ են, մանաւանդ Արեւմտեան աշխարհի մէջ ապրողին համար: Պատճառը՝ Արեւմտեան Աշխարհի մէջ Ընկերվարութիւն բառը ծաղրանքի առարկայ դարձուցած  են ծայրայեղ աջակողմեաններ, որ փորձած են նկարագրել Ընկերվարները իբր համայնավարներ>>: Բացատրելէ ետք Ընկերվարութեան հաւասարութեան, արդարութեան եւ հարկային համեմատական պարտաւորութեանց սկզբունքները եւ անոնց առաւելութիւնները, Գայսէրեան ըսաւ

<<Հայաստանը ունի փտածութեան (corruption) լուրջ  հարց: Մեր հայրենակիցներուն 80%էն աւելին աղքատ դասակարգի կը պատկանին: Մեր հայրենիքին հարստութեան 90%ը բնակչութեան 1%ին կը պատկանի: Արդեօ՞ք այսպիսի երկրին համար ընկերվարական ծրագիրները դրական ազդեցութիւն չեն ունենար: Արդեօ՞ք  չի նուազիր աղքատութեան տոկոսը>>:

Աւստրալիայէն վերցնելով իր օրինակները Գայսէրեան նշեց շարք մը ընկերվարական սկզբունքներ ունեցող ծրագիրներ ինչպէս Medicareի սիսթեմը, pensionի սիսթէմը, երիտասարդներու առանց տոկոսի տրուած վարկերու սիսթեմը որպէսզի երիտասարդը կարենայ իր համալսարանական ուսումը շարունակել: << Այս բոլորը ընկերվարական ծրագիրներ են, որոնք Աւստրալացին կը վայելէ: Եթէ Հայաստանը վայելէր այս ընկերվարական ծրագիրները, կը տիրէր հաւասարութիւն: Աղքատութեան տոկոսը կը պակսէր: Մեր տարեցները հանգիստ կ'ապրէին: Մեր ուսեալ իրիտասարդներու տոկոսը կ'աւելնար: Մեր Սուրիահայ գաղթականները Հայաստանի մէջ հանգիստ կեանք կ'ապրէէին , եւ...թերեւս Ամերիկեան դեսպանատան առջեւ վիզայի դիմողներու շարքերը կը նուազէին: Արտագաղթի դէմ պայքարը միայն ընկերվարական ծրագիրներոով կրնանք յաղթահարել: Միայն Դաշնակցութիւնն է որ կրնայ գործադրել այսպիսի ծրագիրներ>> եզրակացուց Գայսէրեան:

Գայսէրեան նաեւ թուարկեց այն բոլոր աշխատանքները, զորս ՀՅԴ Աւստրալիոյ կազմակերպութիւնը իր ուղեկից միութիւններով իրագործեց զանազան բնագաւառներու մէջ ի ծառայութիւն հայ ազգին ու ժողովուրդին ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Անդրադառնալով այն երեւոյթին որ 125ամեակի ձեռնարկները նուիրուած էին  Արցախեան ազատամարտին Գայսէրեան ըսաւ.<<Սիրելիներ, ձեր ներկայութեամբ, Պարոն Ալիեւին այսօր կ'ըսենք, որ 14000ՔՄ Արցախէն հեռու, Արցախը ունի նաեւ Աւստրալահայ բանակ մը, միշտ պատրաստ պաշտպանելու մեր հողերը>>:

Դէպի յաղթանակ նպատակաուղղուած է միշտ Դաշնակցութիւնը : Դաշնակցութիւնը պարտուողականութիւն չի դաւանիր: Դաշնակցականի այս համոզումով  իր խօսքը փակեց Գայսէրեան մէջբերելով ՀՅԴի հիմնադիրի Զաւարեանի նշանաւոր հաստատումը ՝ <<Ուր որ էլ լինենք-կռուի դաշտին մէջ, թէ շղթայակապ կալանաւոր, բահը ձեռքերին մշակ թէ թափառական առաքեալմիշտ էլ ներշնչողը թող լինի տառապողի Ազատութեան վեհ Գաղափարը, ձեր առաջնորդը` դիրքերուն վրայ մնալու պարտաճանաչութեան սուրբ սկզբունքը: Հոգ չէ թէ մի օր վահանով կը դառնաք, միւս օր վահանի վրայարդիւնքը նոյնն է՝ ՅԱՂԹՈՒԹԻՒՆը>>

Օրուան պատգամը փոխանցելու համար Արցախէն հրաւիրուած էր Արցախի հանրապետութեան Ազգային Ժողովի անդամ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ նախկին ազատամարտիկ Ընկ. Դաւիթ Իշխանեան:

<<Պատահական չէ որ ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցը ՀՅԴի 125ամեակի տօնակատարութիւնների հիմնական առանցքը փորձել է ձեւաւորել Արցախեան պայքարի եւ նրա շարունակականութիւնը ապահովող գաղափարների շուրջ: Ամէն ինչ տրամաբանական է: ՀՅԴի իւրաքանչիւր տօնակատարութիւն իւրայատուկ հաշուետուութիւն է եւ նախանշում է ապագայի>> : Այս խօսքերով Իշխանեան սկսաւ իր բանախօսութիւնը : Բնութագրելով Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան առանցք հանդիսացող <<Հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքների վերականգնումն ու անկախ պետականութեան ստեղծումը>> Իշխանեան հաստատեց այն իրականութիւնը թէ <<Դաշնակցութիւնը միշտ այնտեղ է ուր կայ պայքար, ոտնահարուած իրաւունքներ, համազգային խնդիրներ>> : Կատարելէ ետք արժեւորումը 19րդ դարու աւարտին Դաշնակցութեան ծնունդին անհրաժեշտութեան՝  Իշխանեան ըսաւ թէ 125 տարիներու ընթացքին ՀՅԴի առջեւ դրուած օրակարգերը փոփոխութեան ենթարկուած են. իսկ  այսօր հայ ժողովուրդի առջեւ հիմնական օրակարգ դրուած է հետեւեալը, զոր ան  ամփոփեց 3 կէտերու մէջ.

  1. Հայկական պետականութեան լինելութեան, անկախութեան եւ անվտանգութեան ապահովում, արմատաւորելով ժողովրդավարական սկզբունքներ:
  2. Շարունակել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, հատուցման ու Հայութեան իրաւունքների վերականգնման գործընթացը:
  3. Արցախի հիմնահարցի Տը ժիւրէ հանգուցալուծում, լուրջ շեշտադրումներ անելով Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչմանը:

Իշխանեան անդրադարձաւ 6 կարեւոր հանգամանքներու, որոնք ի յայտ եկան Արցախեան Գոյապայքարի ընթացքին եւ յաջողութեան փաստեր են, իսկ այս յաջողութիւնները դժուար է պատկերացնել առանց ՀՅԴին : Այսպէս,

  1. Արցախի Տը ֆաքթօ միացումը Մայր Հայաստանին, Ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ իր տրամաբանական տարածքի մեծ մասին կորուստը կրած եւ հազարամեայ պայքար մղող հայ ժողովուրդի համար հենց ամենամեծ նուաճումն էր: Այս պատմական յաջողութիւնը ապացուցեց որ Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան տեսլականում ԱՆՀՆԱՐԻՆ ՈՉԻՆՉ ԿԱՅ:
  2. Գաղտնիք չէ որ մինչ Արցախեան ազատագրական պայքարը մեր ազգային դիմադրողականութեան ցուցանիշը մօտենում էր զերոյի իսկ ազգային ինքնագիտակցութիւնը՝ թուլանում: ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ԵՒ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ԱՇԽԱՐՀԱՍՓԻՒՌ  ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՍՏԵՂԾԵԼ ԵՆ ԲԱՐՈՅԱՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀՈԳԵՎԻՃԱԿ:
  3. Կարեւոր հանգամանք էր ՀՀի եւ բուն Արցախի տարածքից ատրպէյճանական տարրի դուրս մղումը : Այն իրականօրէն վտանգ էր ներկայացնում հայ ժողովուրդի ապագային: Թուրք-Ատրպէյճանական ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ժողովրդագրական իրավիճակը փոխելու քաղաքականութեան արդիւնքները վերոնշեալ տարածքներում ակնյայտօրէն տեսանելի էին (վկան նախիջեւանը): Ժողովրդագրական իրավիճակի փոփոխութիւնը եւ թուրք-ազերի քաղաքականութեան կասեցումը իրականութիւն դարձաւ արցախեան շարժման հետեւած գործողութիւնների ընթացքում:
  4. Մեր կազմակերպութեան ծրագրային դրոյթ է Սեւրի Դաշնագրով նախատեսուած Հայաստանի կերտումը: Տարածքների ընդլայնումը լուրջ հոգեվիճակ է ստեղծել մեր ժողովրդի համար եւ ակնյայտ հարուած Փան-Թուրքիզմի գաղափարախօսութեան:
  5. Բոլորիս համար էլ պարզից պարզ է որ Թուրքիան երբեք, նոյնիսկ այսօր էլ չի հրաժարուեր Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ  որդեգրած իր վաղեմի քաղաքականութիւնից: Արցախը եկաւ կանխելու շարունակուող ցեղասպանութիւնը: Զոհի կարգավիճակը մեզ համար այլեւս անցեալ է:
  6. Արցախեան շարժումը եւ դրա յաջորդած ժամանակաշրջանը լուրջ նախադրեալներ ստեղծեցին հայութեան համար ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵԼՈՒ: Այդ միասնականութիւնը այսօր ալ խիստ պահանջուած է:

Անդրադառնալով 70 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը նսեմացնելու համար տարուած աշխատանքներուն, որոնք ի դէպ կը շարունակուին մինչեւ օրս, Իշխանեան բացատրեց թէ Խորհրդային փրոփականտը ուզած էր մեր պատմական ու ազգային յիշողութիւնը ջնջել, որովհետեւ ապագան կերտլու համար կարեւոր է տիրապետել անցեալին: Այս յաջողութիւն գտած էր Սովետական Հայաստանի մէջ սակայն Սփիւռքի մէջ շնորհիւ Դաշնակցութեան ազգային ինքնագիտակցութիւնը ոչ միայն չջնջուեցաւ այլ ընդհակառակը աճեցաւ եւ ուռճացաւ: <<ՀՅԴն ինչպէս միշտ, այսօր էլ բոլոր մարտահրաւէրներին նայում է բաց աչքերով, պատրաստակամ լինելով դառնալ ոչ միայն մասնակիցը այլ առաջամարտիկը բոլոր հարցերի լուծման գործում: Քանի դեռ Հայ ժողովուրդը ունի Արդար Դատ, ազատ ապրելու իրաւունք եւ ցանկութիւն ու նաեւ կամք, Դաշնակցութիւնը Հայ ժողովուրդի կողքին է>> ըսաւ Իշխանեան եւ  եզրափակեց՝

<< Հայրենիքում լինենք իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն, Դաշնակցութիւնը ունի իր նպատակը եւ առաքելութիւնը՝ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի կերտումը: Արցախը այդ նպատակի առաջին քայլն էր, մի մասնիկը: Դաշնակցութեան երթն անկասելի է:>>

Փակման խօսքը կատարեց Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը, որ մէջբերելէ ետք Քրիստափորի խօսքերը միասնականութեան առնչուած, ըսաւ թէ այս խօսքերը այսօր ալ կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը:

<<Մեր ժողովուրդին համար ընդհանուր շահերու գիտակցութիւնը անհրաժեշտ է: Հայը կրնայ տարբեր մտածումներ ունենալ սակայն անոր մէջ պէտք չէ տեսնել թշնամին այլ զայն պէտք է գրաւել գիտնալ: Մեր փրկութիւնը մեր միասնութեան մէջ է>> ըսաւ Սրբազան Հայրը: <<Համախմբուած ենք տօնակատարելու 125ամեակը Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան, սա կը նշանակէ որ  Դաշնակցութիւնը  բոլոր հայերը իրար միացնող կուսակցութիւն է: Քիչ առաջ մտիկ ըրինք Հայկ Գայսէրեանը Աւստրալիայէն եւ Դաւիթ Իշխանեանը Արցախէն : Ինչքան ընդհանուր գիծեր կան այնտեղ, բաներ, որոնք մեզմէ ամէն մէկը, Դաշնակցական կամ ոչ, համամիտ ենք եւ ուրախ ենք ու հպարտ, որ այսպիսի առողջ հետեւողական մտածողականութիւն ունի Դաշնակցութիւնը իր երիտասարդներով եւ կազմակերպութեամբ:>> հաստատեց Սրբազան Հայրը: Սրբազանը իր լուրջ մտահոգութիւնը յայտնեց Հայաստանէն տեղի ունեցող արտագաղթին : << Թուքիոյ, Ազրպէյճանի,Վրաստանի, Ռուսաստանի,նոյնիսկ  Եւրոպայի եւ Ամերիկայի ի նպաստ է արտագաղթը , միակ վնասուողը Հայաստանն է >> զգուշացուց Սրբազանը:

Անդրադառնալով  Ղարաբաղի թէ Հայաստանի թուային անբաւարար աճին  Առաջնորդ Հայրը բացայայտօրէն ըսաւ թէ  հայրենասիրութիւնը զոհողութիւն կ'ենթադրէ, արեան իսկ գինով. թէ  Արեւմտահայաստանը ազատագրելու համար զինուոր է պէտք, եւ թէ թուային մեծ աճը հրամայական է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ : <<Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի մասին կը խօսինք: Երազը պէտք է բայց այդ երազը իր ճանապարհը պէտք է ունենայ: Այդ երազի ճանապարհի իրագործման համար մենք սերունդներ պէտք է հասցնենք: ... Իրականութեան հետ պէտք է հաշիւի նստինք եւ ծրագրենք թէ ինչպէս պիտի ձեռք ձգենք Արեւմտահայաստանը>> ըսաւ Սրբազանը: Ան ըսաւ թէ մեծ բան կ'ակնկալուի ՀՅԴէն, իսկ ՀՅԴն ժողովուրդին ցաւէն ծնած կուսակցութիւն է: Խօսքը ուղղելով Դաշնակցական երիտասարդութեան Սրբազան Հայրը յորդորեց <<այսօրուան ոգին կենդանի պէտք է պահել, ոգին կը ժառանգուի սերունդէ սերունդ :Կը մաղթեմ որ ձեր ժառանգած ոգին ձեր մէջ հրաշք գործէ:Նայեցէք ձեր անցեալին եւ ձեր ղեկավարութեան : Սորվեցէք անոնց հայրենասիրութենէն եւ անոնց անսակարկ նուիրումէն , որպէսզի արժանի ըլլաք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անունին: Ձեր երթը կանաչ ըլլայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ մանաւանդ Դաշնակցական երիտասարդութիւն>>:

 

Դիտելու համար հանդիսութեան նկարները այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը:

comments

Advertisement