Թարգմանչաց Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

By Zarouhi Manoukian - armenia.com.au | Wednesday, 23 December 2015

Դպրոցական ամավերջի հանդիսութեանց շարքին՝ միշտ ըմբոշխնած ենք Մեսրոպատառ շունչով աշակերտութեանց քաղցր թոթովանքը ։

Շաբաթ, 12 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին Նալպանտեան սրահը եռուզերի մէջ էր։ Գաղութիս առաջին դարբնոցներէն Համազգայինի ''Թարգմանչաց '' շաբաթօրեայ վարժարանը կ'ունենար իր ամավերջի հանդէսը։

Ամենայն ճշդապահութեամբ ժամը ճիշդ 1-ին, սրահը լեցուն էր ուրախ ծնողներով, մեծ հայր ու մեծ մայրերով, հարազատներով եւ աշակերտութեամբ։

Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով յայտագիրը ընթացք առաւ։ Բացման խօսքով հանդէս եկան վարժարանին երկու առաջնորդները։ Գարլօ Պէրզէքեան հայերէն լեզուով իսկ Ճորճիա Սողոմոնեան անգլերէն լեզուով։ Երկուքն ալ իրենց յստակ առոգանութեամբ եւ խոր մտածողութեամբ արժէւորեցին իրենց տողերը, տալով մեծագոյն գնահատականը վաստակ ունեցող մշակներուն եւ վարժարանիս սատար հանդիսացողներուն։

Աշակերտներուն խանդավառութիւնը ակնյայտ էր իրենց երգեցողութեան մէջ:  Տիկին Հայկուշ Զէյթունցեանի ղեկավարութեամբը  եւ խնամուածութեամբ  անոնք խմբերգեցին ՝ ''Հայրենիքիս Հետ'' եւ ''Էրեբունի'' երգերը, որոնք հայրենասիրութեան  ոգին կը ներմուծէին իւրաքանչիւր ունկնդրողին հոգիէն ներս։

Եռագոյնը յատկանշող կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն դասարանները այնքան քնքոյշ  հրեշտակային ժպիտով ու շարժումներով, տուին իրենց բաժինը պարով թէ արտասանութեամբ։  Այստեղ եւս շեշտը կը դրուէր ''Խօսինք, գրենք, կարդանք ու երգենք, միշտ հայերէնով'' ։

Յաջորդաբար բեմ բարձրացան դասարանային շարքով նախակրթարանի աշակերտութիւնը եւ ներայացուցին նախ Վարդանանանքի  խորհուրդը, իր պատմական տուեալներով եւ արտասանութեամբ, որմէ ետք խիստ հետաքրքրական, կատակերգական եւ դաստիարակչական յայտնութիւն մըն էր, ''Կիրակոս''ը վերնագրով ելոյթը, ուր աշակերտը կ'անդրադառնայ եւ կը զգուշանայ անտարբերութեան գիրկը նետուելէ․․․եւ  կը հաւաքէ ինքզինք կիրարկելու իր մէջ լաւ յատկանիշներ, բայց  անօգուտ։

Հոգաբարձութեան խօսքով  հանդէս եկաւ Պրն․ Վարդան Պետիկեանը: Ան ակնարկ մը նետեց դպրոցի յիսնամեակին գոյութեան  շուրջ եւ  յիսնամեակի տօնակատարութեան նուիրուած հանդիսութեան: Ան ըսաւ, անցեալի թէ ներկայի Տնօրէններուն, Ուսուցիչ –ուսուցչուհիներուն ծնողներուն եւ աշակերտութեան՝ թէ անոնք բոլորը այդ յիշատակելի  օրուան աստղերն էին, քանզի ժպիտը լոկ կը շողար իւրաքանչիւրին դէմքին վրայ։ Եւ այսօր իրեն համար հպարտութիւն էր դարձեալ, մնալ  անբաժան մասնիկը այս  սիրելի  ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ դպրոցին։ Հայ մշակը աշակերտին տիպարն է միշտ։ Ամեակները թող միակ խթանը չհանդիսանան վերապրեցնելու հին յուշերը, այլ վարժարանին  հետ յաճախ կապի մէջ մնալը  անհրաժեշտութիւն է ըսաւ ան։

Ե կարգը արտասանութեամբ  եւ տպաւորիչ ձեւով ներկայացուց ''Հայոց Լեզուն'':

''Մեր Սուրբ Թարգմանիչները'' խորագրին տակ ընդլայնուած գիծերու մէջ երկրորդ բաժնով  բեմ բարձրացան Զ. կարգի աշակերտները։ Անոնք մեծարեցին Եղիշէ Պատմիչը, Գրիգոր Նարեկացին իր Մատեան ողբերգութեամբ,  Ներսէս Շնորհալին իր Հաւատով Խոստովանիմ աղօթքով։  Տակաւին Օշականի Մեսրոպ-Մաշտոց եկեղեցիի, Վաղարշապատի՝ որը հայ գրչութեան կեդրոն դարձած էր։ Վերջապէս Գարեգին Ա․ ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նուիրական խօսքով, <<Հայ գիրքը միւրոն  է մեր  հայ զաւակներուն համար>> ։

Զ  կարգը իր ելոյթը աւարտեց Ղազարոս Աղայեանի խօսքով ''Բաւական չէ ազգասէր ըլլալ պէտք է նաեւ լեզուասէր ըլլալ''։

Սերտենք վերոյիշեալ խորիմաստ մտքերը։ Բարձրորակ նման տուեալներով նիւթը խորհրդանշական էր Թարգմանիչներու յիշատակին։

''Կռունկ Գնա'' սրինգով նուագը Գարլօ Պէրզէքեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ անցեալի շրջանաւարտներէն Տօքթ․Մարք Չոլագեանի հմայեց ունկընդիրները եւ ուժեղ ծափողջիւնի արժանացաւ։

Հանդիսութեան կարեւորագոյն մասը հասած էր։ Բեմ հրաւիրուեցաւ յարգելի Տնօրէն Պարոն Փանոս Մանճեան կատարելու փունջ մը գնահատականներու բաշխումը եւ ապա տալու օրուայ պատգամը։  Ան իր շեշտը դրաւ գիտակից, տոկացող եւ դիմադրող ծնողաց վրայ, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան հայերէն լեզուն սորվեցնելու իրենց զաւակներուն, ինչպէս նաեւ գրչի մշակներուն, որոնք հայերէն լեզուի ուսուցումը մատչելի  ու սիրելի կը դարձնեն նորահաս դպրոցականներուն:

Պարոն Մանճեան ըսաւ, [ ''Իսկապէս ուրախանալի օր է այսօր: Այս հեռաւոր ափերուն, տակաւին ունինք գիտակից, տոկացող եւ դիմադրող  մայրեր ու հայրեր, հայ ընտանինքներ՝ ինչպէս օրինակ դուք իւրաքանչիւրդ ձեր միջոցներով եւ մասնակցութեամբ քաջալեր կը հանդիսանաք  հայ  դպրոցին եւ  հայերէն խօսքը ու հայոց լեզուն սորվելու համար ձեր զաւակները կը ղրկէք հայկական վարժարան:

Սիրելիներ, Մեսրոպ Մաշտոցի հնարած հայերէնը դիմացաւ աւելի քան 1500 տարիներ: Այս հայերէնը իր իւրայատուկ ճկունութեամբ դարեր շարունակ դիմադրեց ու դիմացաւ որովհետեւ հայը կ'ապրէր իր հողին վրայ:

Այսօր պարագան տարբեր է:

Դիտեցէք ձեր շուրջը  եւ կը տեսնէք : Չենք կրնար անտեսել, որ մեր իսկ անմիջական շրջապատէն ներս հայոց լեզուն ամէն օր կը կոտորակուի:Այս իսկ պատճառով, թող որ մեր ուսուցչուհիներուն ժամանակը լեցուի հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելով եւ բացարձակապէս հայերէնի հետ կապ չունեցող հարցերէն անմիջապէս ձերբազատին, որպէսզի արդիւնաւորուի բոլորիս աշխատանքը:

Այսուհանդերձ, տարեվերջի այս հանդէսին կու գամ անգամ մը եւս իմ յարգանքս յայտնելու բոլորիդ՝ հայոց լեզուի նկատմամբ ձեր կառչածութիւնն ու հաստատամտութիւնը բարձրօրէն գնահատելով:

Այս հիւրընկալ երկրին մէջ, հոսանքն ի վեր ընթացող առաքելութիւն մըն է ձեր կատարածը: Եւ հակառակ ամէն օր քիչ մը աւելի մաշեցնող հոգեբեկութեան, դուք՝ իբրեւ հայ սերունդներու դաստիարակներ, ահա' խոնարհաբար հոս էք՝ ձեր ազգային տուրքը վճարելու նպատակով, ձեր իսկ ազգի մատղաշ զաւակներուն սորվեցնելով հայոց լեզուն ու պատմութիւնը, մշակոյթն ու հայ ինքնութիւնը կազմող էական տարրերը:

Յարգանք հայոց լեզուի մշակ մեր ուսուցչուհիներուն:

 

Պարգեւատրման շարքին Պարոն Մանճեան հրաւիրեց Համազգային Շանթ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ ընկեր Սեւակ Վարժապետեանը յանձնելու գնահատականները՝

  • Մշակը արժանի է իր վարձքին։  Տպաւորիչ եւ խորհրդաւոր պահ էր երկու վաստակաւոր ուսուցչուհիներու Տիկին Մակի Ճանոյեանի եւ Տիկին Էլօ Մամիկոնեանի մեծարանքը։ Անոնք իրենց  երկարամեայ, բեղուն ու անսակարկ գործունէութեան, անսահման համբերութեան եւ օգտակարութեանը համար, յատուկ գրութեամբ խորհրդանշանով մը պարգեւատրուեցան:
  • Արուեստի նուրբ մատերով բեմի վրայ զարդարուած գեղեցիկ գծագրութեանը համար, գնահատականի արժանացաւ անցեալի Թարգմանչացի շրջանաւարտ, Նարեկ Տէմիրեանը։
  • Արմենիա Մետիայի կողմէ ղրկուած օրուան հանդիսութիւնը նկարելու համար  գնահատուեցաւ,  դարձեալ անցեալի շրջանաւարտներէն, Մեղեդի Զէյթունցեանը։
  • Աւստրալիոյ Նահանգային Կառավարութիւնը ամէն տարի, Շաբաթօրեայ Վարժարաններու լաւագոյն աշակերտը, յատուկ հանդիսութեամբ մը կը պարգեւատրէ Minister's Award-ի գնահատականով։ Այս տարի սոյն պարգեւատրման կ'արժանանայ Ռուբէն Տէմիրճեան։
  • Ճիգ եւ Ժրաջանութիւն  Վկայագիր գնահատագրին կ'արժանանայ՝ Արտէն Գալլողլեանը, յատուկ ճիգ թափած ըլլալուն անցնող տարեշրջանին։
  • Լաւագոյն Աշակերտը Վկայագիր գնահատագրին կ'արժանանայ՝ Գարլօ Պէրզէքեանը,  լաւագոյն արդիւնքը բերած ըլլալուն համար:
  • 2015-ը յատկանշական տարի մը ըլլալուն Թարգմանչացը իր 50 տարիներու ընթացքին կատարած բծախնդիր գործունէութեանը համար ստացած է գնահատական նամակ մը,  NSW  Community Language  School Board – ի կողմէ։ Սոյն հաստատագիրը բեմէն  ընթերցեց Շանթ Մասնաճիւղի նեկայացուցիչ ընկերուհի Հուրի Տէմիրճեան։

Այս շարք մը գնահատականներէն ետք հերթը հասած էր Ծաղիկ կարգի վկայականաց բաշխման, որը կատարուեցաւ իրենց հրաժեշտի խօսքէն անմիջապէս ետք։

Տպաւորիչ էր նաեւ վեցերորդ կարգի վկայականաց բաշխման պահը։ Հրաժեշտի յատուկ խօսքերը կարդացին Հայերէն լեզուով Ռուբէն տէմիրճեան, իսկ անգլերէն լեզուով Ալիք Չէթէրը։

Յայտագրի աւարտին երկու խմբերգները  ''Թարգմանչաց''ը  եւ ''Հայաստան''ը  թնդացուց ամբողջ սրահը: Ներկաներուն բուռն փափաքին ընդառաջելով  անգամ մ՝եւս երգուեցաւ եւ խանդավառեց ներկաները։ Վարժարանին եւ հայրենիքին գովքը հիւսող այս երգերը աշակերտութեան անոյշ կանչով ուրիշ բան չէր եթէ ոչ Բանաստեղծին խօսքով՝ ''Կանք պիտի լինենք ու դեռ շատանանք''։

Շուրջպարն ու կաղանդ պապային  գալուստը՝ գագաթնակէտին  հասցուցած էին  տրամադրութիւնները ներկաներուն ։

Մեծ երաժիշտ եւ երգահան Կոմիտաս Վարդապետի խօսքը թեւեր կ՝առնէր ''Երգը հայն է, երգը Հայաստանն է'', իսկ Հայրենիքը անուշահոտ ծաղիկն է այս հեռաւոր ափերուն նորահաս սերունդին համար։




comments

Advertisement