ՀՕՄ «Սօսէ» Մասնաճիւղի Ամանորի Խրախճանքը

By Lucy Sevagian - armenia.com.au | Thursday, 24 December 2015

ՀՕՄ-ի  ՍՕՍԷ մասնաճիւղի ամանորի Խրախճանքը տեղի ունեցաւ 14 Դեկտեմբերին:

Վարչութիւնը այս տարի եւս հրաւիրեց իր անդամուհիները իր երախտագիտութիւնը յայտնելու ընկերուհիներուն, որոնք ամբողջ տարի մը, վարչութեան նեցուկ կանգնելով, իրենց ներդրումը ունեցած էին միութենական աշխատանքներուն:

Սրահի ներկայանալի զարդարանքը, Հայու վայել ամանորի ճոխ սեղաններու ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկաներուն բարձր տրամադրութիւնը հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծած էին:

Ակներեւ էր վարչութեան միակամ աշխատանքը: Վարչական անդամներու անձնուէր զոհողութեան հետեւանքն էր օրուայ ձեռնարկը: Երիտասարդ տարրին ներկայութիւնը յոյսն ու երաշխիքն է ՀՕՄ-ի աշխատանքներու գոյատեւման:

Այս տարի վարչութիւնը որոշած էր իր մարդասիրական օժանդակութիւնը ցուցաբերել, կաղանդի նուէրներու ապահովումով,  Westmead Children’s Hospital-ին: Ընկերուհիները, իրենց առատաձեռն նուիրատուութեամբ, իրականացուցին ՀՕՄ-ի առաքելութեան ամենաթանկագին ծրագիրներէն մին, տօնական օրերուն յաւելեալ ժպիտ մը աւելցնելով այն երեխաներուն դէմքին վրայ, որ տօնական օրերը կ'անցնեն հիւանդանոցէն ներս:

Տօնածառին շուրջ հաւաքուած նուէրները ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ հիւանդանոցին: Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհին, 2 երիտասարդ անդամուհիներու հետ միասին յանձնեցին նուէրները, որոնք հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան, քաջ գիտակցելով, որ  իրենց ներդրումը ուրախութիւն պիտի պատճառէ երեխաներուն:

ՀՕՄ-ի ՍՕՍԷ  մասնաճիւղը, միշտ պատրաստ է ու պիտի շարունակէ իր մարդասիրական առաքելութիւնը, թէ՝ տեղական մակարդակի վրայ թէ՝ միութենական ծիրէն ներս իրագործուող ծրագիրներուն.

Շնորհակալութիւն բոլոր ընկերուհիներուն իրենց աշխատանքին ու նուիրումին համար.

Ներկաները գնահատեցին օրուայ ձեռնարկը ու բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան, ուրախութեամբ դիմաւորելու յոյսով 2016 տարին.

Վարձքը կատար բոլորին:

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:





comments

Advertisement