15 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ Աւստրալիոյ Շարքերուն

By armenia.com.au | Monday, 04 January 2016



Շաբաթ, 28 Նոյեմբեր եւ Եկուշաբթի 30 Նոյեմբեր 2015 երեկոյեան 15 նորագիրներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան ՀՅԴ-ի Աւստրալիոյ կազմակերպութեան շարքերուն:

Բարի գալուստի խօսք արտասանելէն ետք ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեան ներկայացուց նորագիրները, ապա հրաւիրեց երդման արարողութեան: Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ, ԼՂՀ խորհրդարանի անդամ ընկեր Դաւիթ Իշխանեան:

Ընկեր Իշխանեան խօսքը ուղելով նորագիրներուն ըսաւ «Այսօր ձեր կեանքին  մէջ նոր հանգրուան մը պիտի սկսի: Այս հանգրուանին մէջ դուք ձեր կարելին պիտի ընէք ծառայելու հայ ժողովուրդին եւ անոր արդար դատի լուծման:»

Ընկեր Դաւիթ Իշխանեան աւարտեց խօսքը նորագիրներուն մաղթելով յաջողութիւն, բարի եւ անխափան երթ` ապագայ գործունէութեան եւ արդիւնաւէտ աշխատանքներուն:

comments

Advertisement