Առաջնորդ Սրբազան Հօր Սուրբ Ծննդեան Պատգամը

By armenia.com.au | Tuesday, 05 January 2016



“ Որդի իմ ես դու, ես այսօր ծնայ զքեզ” (Եբր.5:6)

Սիրելի զաւակներ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմին,
Թեմական Խորհուրդի եւ իմ անունով կը շնորհաւորեմ ձեր Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը մաղթելով ձեզի առողջ, երջանիկ տարի մը եւ բարի գործերուն յաջողութիւն:

Անցնող տարին յիշարժան եւ բացառիկ էր. Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակըը ինչպէս Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ նոյնպէս եւ մեր թեմէն ներս նշուեցաւ բարձր մակարդակով եւ պատուաբեր ձեռնարկներով:

Ինչքան գեղեցիկ եւ ոգեւորիչ էր տեսնել բոլորս միասին մէկ կամք, մէկ հոգի բոլորուած մէկ գաղափարի շուրջ յարգելու յիշատակը մեր նահատակներուն եւ սուրբերուն, նորոգելով մեր ուխտը` հաւատարիմ մնալու պահանջատիրական մեր արդար իրաւունքներուն:

Անցնող հարիւրամեակը սկսանք մեծ յոյսերով եւ երազներով, սակայն մեր դժբախտ ճակատագրով կորսնցուցինք մեր երկրի 9/10-ը եւ մեր ժողովուրդի կէսէն աւելին: Սակայն Հայ ժողովուրդը չվերացաւ, իր մէջ ոյժ եւ հաւատք գտաւ դիմանալու եւ ոտքի կանգնելու: Տայ Աստուած, որ գալիք 100 ամեակը ըլլայ մեր ժողովուրդին եւ Հայրենիքին համար խաղաղ եւ բարգաւաճ շրջան մը, ուր մեր ժողովուրդը յաղթութեան Սուրբ միւռոնը իր ճակտին երբէք չվախենայ եւ ընկրկի թշնամու առաջ, Զի Աստուած ընդ մեզ է: Թող Ան իր հայեացքը սեւեռէ ազատատենչ Արարատին իսկ մառախլապատ օրերուն՝ Սուրբ Լուսաւորչի կանթեղին:

Ի տես այսօրուան նախճիրին եւ աւերումին Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, ուր եկեղեցին, մզկիթը, դպրոցն ու հիւանդանոցը փլատակներու կը վերածուին անխտիր, ուր հարիւր հազարաւոր մարդիկ կը սպաննուին առանց նկատի առնելու անոնց տարիքը, սեռը, դաւանանքը եւ ազգութիւնը` այսօր աւելի՛ քան այժմէական է Բեթլեհեմի Մսուրէն ծնուող եւ ծագող խաղաղութեան պատգամը: Թող սփռուի այն եւ մուտք գործէ ամէն մէկ անձի հոգիէն ներս, կերպարանափոխէ զանոնք դարձնելով զաւակներ միեւնոյն երկնաւոր Հօր: Քանի “Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն միտքէ վեր է” (Եփես. 4:7) աղօթենք մերձաւորաց եւ հեռաւորաց`Միջին Արեւելքի մեր ազգակիցներուն ինչպէս նաեւ ողջ մարդկութեան համար:

Մենք, որ կ'ապրինք Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի այս օրհնուած թեմէն ներս, մեզի շնորհուած բարիքներուն փոխարէն ի՞նչ կու տանք մեր ժողովուրդին, Եկեղեցիին, Հայրենիքին եւ մարդկութեան: Ժամանակն է որ անդրադառնանք այն իրականութեան, թէ՝ որուն որ շատ տրուեցաւ անկէ աւելի՛ն պիտի պահանջուի:

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս

Աղօթարար՝
Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան

comments

Advertisement