Ամերիկայի մօտ Աւստրալիոյ նոր դեսպանը Հայկական արմատներ ունի

By Asbarez | Tuesday, 02 February 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ուրբաթ, Յունուար 29ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային իր հաւատարմագիրները յանձնեց Աւստրալիոյ նորանշանակ դեսպան Ճոզէֆ Հոքի:

Նորանշանակ դեսպանին հայրը պաղեստինահայ է, իսկ մայրը՝ աւստրալացի: Հոքիի հօր իսկական մականունը Հոքիտոնեան եղած է։ Ան զայն փոխած է 1948ին՝ Աւստրալիա ժամանելէն ետք:

50ամեայ Ճոզէֆ Հոքի մօտաւորապէս 10 տարի եղած է Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամ, իսկ երկու տարի ստանձնած է ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնը: Ան ստանձնած է պետական այլ պաշտօններ եւս։

 


comments

Advertisement