Արեւմտեան Սիտնիի մէջ հիմնադրուեցաւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան <<Բեկոր>> Մասնաճիւղը

By armenia.com.au | Monday, 22 February 2016



17 Փետրուար 2016-ին <<Խանասոր>> մասնաճիւղի 21 երեց պատանիներ հիմքը դրին երիտասարդական <<Բեկոր>> մասնաճիւղին եւ գումարեցին իրենց անդրանիկ ընդհանուր ժողովը:
Այս ծրագիրը իրականացաւ երկարաշունչ աշխատանքէ մը ետք:Սկսեալ Նոյեմբեր 2014-էն, երբ վերակենդանացաւ պատանեկան <<Խանասոր>> մասնաճիւղը, շրջանի կուսակցական մարմնի եւ ՀՅԴ Ա.Ե.Մ.-ն Կեդրոնական Վարչութեան տքնաջան աշխատանքներոու շնորհիւ:Ինչպէս նաեւ երրամսիայ յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը ամբողջացնելով, որուն ընթացքին երիտասարդները ծանօթացան միութեանս կանոնագրին եւ Հայ դատը հետաքրքրող կարեւոր ժամանակաշրջաններուն:

Նկատի ունենալով որ Աւստրալիոյ մէջ ՀՅԴ հիմնադրութեան 125 ամեակը նուիրուած էր Արցախին,երիտասարդները տոգորուած Արցախի ազատամարտիկներու յանդգնութեամբ, ուզեցին իրենց մասնաճիւղին անունը կոչել <<Բեկոր»: Նախ որովհետեւ զմայլեցան անոր աննկուն կամքը տեսնելով, ուր ոչ մէկ ռումբի բեկոր հիասթափեցուց իրեն, այլ աւելի վճռակամութեամբ շարունակեց իր պայքարը:Երկրորդ՝ երիտասարդները ուխտեցին իրենց ապագայի աշխատանքներով բեկորներ դառնալ թուրք կառավարութեան ուրացող մեքենային մէջ:

comments

Advertisement