Վաղը՝ Բողոքի Ցոյց

By armenia.com.au | Thursday, 07 April 2016

Աւստրալհայ գաղութի եկեղեցիներն ու կազմակերպութիւնները կոչ կ'ուղեն Աւստրալահայ գաղութին հոծ բազմութեամբ մասնակցելու բողոքի ցոյցին որ տեղի պիտի ունենայ վաղը 8 Ապրիլ 2016ին Քանպէրայի մէջ Ազրպէճանի դեսբանատան դիմաց:

Ապրիլ 1-2 ազատ Արցախի սահամանագիծի վրայ Ազերի թշնամիին կատարեց զինուորական գործողութիւններ որուն ընթացքին զոհուեցաւ 11 ամեայ Վաղենիկ Գիրգորեանը: Անոնք շարունակեցին իրենց բարբարոսութիւննեըր եւ վայրագօրէն սպաննեցին անմեղ ընտանիք մը:

Թշնամիին վայրագութիւնը անպատասխան չի մնաց շնորհիւ Հայրենիքը պաշտպանող սահամանապահ զինուրներուն:

Ապրիլ 5ին յայտարարուեցաւ զինադադր սակայն թշնամին խախտեց զայն որուն հետեւանքով նահատակուեցան 3 զինուրներ:

Ուրբաթ օրուայ տեղի ունենալիք ցոյցի միջոցաւ Աւստրալահայ գաղութը իր զօրակցութեան ձայնը հասանելի պիտի դարձնէ Արցախի մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն եւ յատկապէս Հայրենապահ մեր զինուրներուն: Ինչպէս նաեւ իր բողոքի ձայնը պիտի բարձրացնէ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան դէմ:  

Վերոյիշեալ ցոյցը տեղի պիտի ունենայ կազմակերպութեամբ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Բողոքական եկեղեցիներու, Սոցիալ Դէմոկրատ Հնչակեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւններու, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Համազգայինի, ՀՄԸՄի, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի, Թէքէյեան Մշակութային Միութեան, Տխրունի Երիտասարդական Միութեան եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան:

Առաւօտեան ժամը 7:00ին հանդակադքեր տրամադրուած են փոխադրելու գաղութի զաւակները՝ Հայ Մշակութային Կեդրոնէն (Ուիլլուպի), Արարատ Սկաուտական Սրահէն (Րայտ) եւ Բանոյեան կեդրոնէն (Պօնէրիկ):

Բողոքի ցոյցը պիտի սկսի ժամը 12ին եւ պիտի տեւէ մէկ ժամ որմէ ետք հանրակարքեր պիտի մեկնին իրենց կեդրոնները:

Հրաւիրուած է գաութը իր զօրակցութիւնը յայտնելու Ազատ Արցախին:

comments

Advertisement