Հայոց Ցեղասպանութեան 101 ամեակի նուիրուած Աւստրալիոյ միջոցառումներ

By armenia.com.au | Wednesday, 20 April 2016

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Աւստրալիոյ Միացեալ Յանձնախումբը հրապարակեց 2016 թուականի, Ցեղասպանութեան 101-ամեակի, Սիտնիի եւ Մելպուրնի մէջ տեղի ունենալիք միջոցառումներու ցանկը:

Այս տարի Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Սիտնիի կեդրոնական միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Չաթսվուտի Գոնգորս սրահէն ներս Կիրակի 24 Ապրիլ, 2016-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին հիւր բանախօս ունենալով Գանպէրայի մէջ Նիու Սաութ Ուէլզ համալսարանի դասախօս փրոֆ. Փիթըր Սթանլին:

Փրոֆ. Փիթըր Սթանլի Աւստրալիոյ նշանաւոր պատմաբաններէն մէկն է: Ինչպէս նաեւ ան պաշտօնաւարած է Աւստրալիոյ Պատերազմական Թանգարանի մէջ իբր գլխաւոր պատմաբան:

Սթանլաի հրատարակած է երեսունէ աւելի գիրքեր եւ ստացած է պարգեւներ: Վերջերս ան համագործակցաբար Վիգէն Բաբգէնեանի հետ հրապարակած է <<Հայաստան, Աւստրալիա եւ Առաջին Աշխարհամարտը>> խորագրով գիրք մը որ կը խօսի Ցեղասպանութեան ընթացքին Աւստրալիոյ ներկայացուցած օժանդակութիւններուն մասին:

Ցեղասպանութեան 101-ամեակին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ միջոցառումները՝

1- Հսկում եւ մոմավարութիւն - Ուրբաթ 22 Ապրիլ, 2016-ին Վիգթորիա Նահանգի Գրադարանին դիմաց, Մելպուրն երեկոյեան ժամը 7:00ին:
CLICK HERE FOR FLYER

2- Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եկեկոյ - Շաբաթ 23 Ապրիլ, 2016-ին Մելպուրն: Հիւր բանախօս՝ պատմաբան Վիգէն Բաբգէնեան երեկոյեան ժամը 6:30ին:

CLICK HERE FOR FLYER

3- Պատարագ եւ հոգեհանգիստ - Կիրակի 24 Ապրիլ, 2016-ին Սիտնիի Հայ Առաքելական Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 10:15-ին:

4- Արդարութեան տողանցք - Կիրակի 24 Ապրիլ, 2016-ին Սիտնիի Hyde Park-էն կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն սկսեալ:

Փոխադրամիջոցներ տրամադրուած են փոխադրելու համար գաղութի զաւակները՝ ժամը 1:00ին Հայ Մշակութային Կեդրոնէն (Ուիլլուպի), Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն (Beauchamp Park-ի մօտ), Արարատ սկաուտական կեդրոնէն (Ռայտ), իսկ ժամը 12:30ին Նաւասարդ սկաուտական կեդրոնէն (Սմիթֆիլտ):

CLICK HERE FOR FLYER
CLICK HERE FOR PROMO VIDEO

 

5- ՑԵղասպանութեան 101-ամեակի Սիտնիի կեդրոնական միջոցառում - Կիրակի 24 Ապրիլ, 2016-ին Չացվուտի Գոնգորս սրահէն ներս, Սիտնի: Հիւր բանախօս՝ պատմաբան փրոֆ. Փիթըր Սթանլի երեկոյեան ժամը 7:00էն սկսեալ:

CLICK HERE FOR FLYER

 

6- Ցեղասպանութեան 101-ամեակի ոգեկոչում - Կազմակերպութեամբ Ռայտ քաղաքապետարանի, Շաբաթ 30 Ապրիլ, 2016-ին կէսօրէ ետք ժամը 3:00ին:
CLICK HERE FOR INFO

 

7- Դասախօսութիւն.- Երեքշաբթի 17 Մայիս, 2016-ին Նիու Սաութ Ուէլզ խորհրդարանէն ներս երեկոյեան ժամը 6:30ին:

comments

Advertisement