Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Սօսէ Մասնաճիւղի ընդհանուր ժողովը ընտրեց նոր վարչական կազմ

By Armenia Media | Tuesday, 07 December 2021



ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ  Հայ  Օգնութեան  Միութեան  ՍՕՍԷ  Մասնաճիւղի  56-րդ  տարեշրջանի  ընդհանուր  անդամական  ժողովը  տեղի  ունեցաւ  Չորեքշաբթի  24  Նոյեմբեր  2021-ին։

Ժողովի  առաջին  բաժնով,  վարչութեան  ատենապետուհի  ընկհ.  Մարալ  Փիլիպոսեան ,  անդրադարձաւ  ընդհանուր  գործունէութեան  համար  նշանակուած  յանձնախումբերու  գնահատելի  աշխատանքին,  յատկապէս  նորագրեալ  երիտասարդ  անդամուհիներու  -  ՀՕՄ-ի  արաքելութեան  հանդէպ  իրենց  ցուցաբերած    անվերապահ   մասնակցութեանը։

Օրակարգի  երկրորդ  բաժնով  ընտրուեցաւ  օրուայ  դիւանը,  ընկհ.  Լիւսի  Սեւակեան  ատենապետուհի,  եւ  ընկհ.  Ատել  Գրաճեան  քարտուղարուհի։

ՀՕՄ-ի   Ուրախ  Մանուկներ     մանկամսուրի  անձնակազմէն  տիկին  Ռօզէթ  Սարգիսեան  ներկայացուց  մանկամսուրի  2 ամեայ  տեղեկագիրը.  Հակառակ  Քորոնա  ժահրի  պատճառաւ   ստեղծուած  դժուարութիւններուն,   մանկամսուրը  կարողացած  է  յաջողութեամբ  իր  աշխատանքները  շարունակել,  շնորհիւ  իր  ընդհանուր  անձնակազմի  հմուտ  գործելաձեւին։

Վարչութեան  ներկայացուցած  նիւթաբարոյական  զոյգ  տեղեկագրերը  կը  ցոլացնէին  վարչութեան  անխոնջ  աշխատանքը,  յանձնախումբերու  միջոցաւ  ձեռքբերուած  յաջողութիւններն  ու  ՀՕՄ-ի  ազգային  եւ  համազգային  ծրագիրներու  իրականացման  համար,  մասնաճիւղին  ունեցած  ներդրումը։

Ժողովը  գնահատանքով  անդրադարձաւ  ,  տարեց  ընկերուհիներու  հանդէպ   վարչութեան  ցուցաբերած  հետաքրքրութեան,  յանձնախումբերու  հետ  համագործակցութեան  եւ  վարչական  կազմի  համերաշխ   գործակցութեան  մասին։

ՀՕՄ-ի  Կեդրոնական  վարչութեան  անդամ  ընկհ.  Նորա  Սեւակեան,  Շրջանային  վարչութեան  ատենապետուհի  ընկհ.  Նինա  Գաբրիէլեան,  ժողովականները  եւս,  բարձր  գնահատեցին,  համաճարակի  պայմաններու  ներքոյ, մանկամսուրի,  ինչպէս  նաեւ  վարչութեան  ունեցած  նիւթական  եւ  բարոյական  յաջողութիւնները,  որոնք  արդիւնքն  էին  մանկամսուրի  անձնակազմին,  վարչութեան  ու  անդամուհիներու  միջեւ  փոխ  յարաբերութեան   եւ  համագործակցութեան  ոգիին  եւ  հաւատքին,  հանդէպ  ՀՕՄ-ի  արաքելութեան  ճամբով  սատարելու  ազգային  եւ  մարդկային  նպատակներու  իրագործման։

Ժողովի  վերջին  օրակարգով  ընտրուեցաւ  նոր  վարչական  կազմը,  ընկհ.ներ  Մարալ  Փիլիպոսեան,  Հայկուհի  Սարեան   -  վերընտրեալներ -  Ատել  Գրաճեան,  Էլիզապէթ  Բողարեան,  Լուսին  Քըվըրեան,  Անի  Օհաննէսեան  եւ Ճուլի  Զիլիֆեան։

Ժողովի  աւարտին  տեղի  ունեցաւ  հիւրասիրութիւն։

Վարձքը  կատար   ընթացաւարտ  վարչութեան։

Նորանոր  յաջողութիւններ  նորակազմ   վարչութեան  աշխատանքներուն  ու  բարի  երթ  դէպի  լուսաշող  ապագայ։

comments

Advertisement