Հանդիպում ՀՅԴ – ՍԴՀԿ – ՌԱԿ Աւստրալիոյ Ներկայացուցիչներուն
By Armenia Media | Thursday, 10 February 2022

ՍԻՏՆԻ.- Երեքշաբթի, 1 Փետրուար 2022-ին, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան եւ ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ:Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ գաղութս յուզող զանազան հարցեր: Ներկաները խօսեցան նախորդ երկու տարիներուն Քորոնա ժահրի եւ Հայ ժողովուրդի դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներու ձգած ազդեցութեան եւ այդ առնչութեամբ գաղութի կազմակերպութիւններուն տանելիք աշխատանքներուն մասին: Քննարկումներուն մաս կազմեցին համագաղութային մարմինները, ծրագիրները եւ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղի աշխատանքներու առնչուող հարցեր:Կողմերը անդրադարձան Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի օժանդակութեան աշխատանքներուն եւ այդ առնչութեամբ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն: