ԵՐԵՒԱՆ, <<Հետք>>.- Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանի յանձնարարութեամբ, <<Ջրային կառոյցներ>> ընկերութեան (ՓԲԸ) մէջ ստեղծուած է <<լուալու եւ մաքրութեան>> յատուկ ծառայութիւն, որ պիտի զբաղի մայրաքաղաքի ջրաւազաններու մաքրութեամբ: Արդիական 5 մեքենաներու շնորհիւ, ամբողջութեամբ պիտի մաքրուին եւ պիտի ախտահանուին ջրաւազանները:
Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան 16 ջրային կառոյցներուն խնամքը արդէն իսկ կ՛իրականացուի այս մեքենաներով: Մասնագիտացած խումբը ամէն շաբաթ պիտի իրականացնէ մայրաքաղաքի ջրային կառոյցներու մաքրութիւն: Նշենք, որ արդիական այդ մեքենաներու ձեռքբերման համար ծախսուած է 6 միլիոն տոլար: