ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 3ի Հայաստանի կառավարութեան նիստին ընթացքին, վաւերացուած է <<Ընդերքի մասին>> Հայաստանի օրէնսգիրքի նախագիծը, ըստ որուն, կը սահմանուին ՀՀ տարածքին մէջ ընդերքի օգտագործման ու անոր ընթացքին շրջակայ միջավայրը վնասակար ազդեցութիւններէ պաշտպանելու սկզբունքներն ու կարգը:
ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի նշումով, նշեալ օրէնքը խիստ կարեւոր է եւ լուրջ նշանակութիւն կրնայ ունենալ մեր երկրի տնտեսական զարգացման համար:
Արդարեւ, նոյնիսկ կ՛առաջարկուի Հայաստանի մէջ ստեղծել ընդերքի առանձին նախարարութիւն: