Փաշինեան. Սկսուել Է Մի Գործընթաց, Որը Հնարաւորութիւն Է Տալիս Խօսել Օրակարգերից

By Asbarez | Monday, 08 April 2019

0330nikolaliev

ՎԻԵՆՆԱ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդհանուր առմամբ դրական կը գնահատէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Ուրբաթ, 29 Մարտին, Վիեննայի մէջ ունեցած հանդիպումը: Այս մասին վարչապետը յայտարարեց Վիեննայի հայ համայնքին հետ նոյն օրը տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին: «Չեմ կարող ասել, որ բանակցային գործընթացում տեղի է ունեցել ճեղքում, յեղափոխութիւն, ինչ-որ մի դարակազմիկ շրջադարձ կամ իրադարձութիւն, բայց շատ կարեւոր է, որ սկսուել է մի գործընթաց, որը հնարաւորութիւն է տալիս խօսել մեր օրակարգերի, պատկերացումների, խնդիրների մասին, խօսել այն գործընթացի մասին, ինչի մասին առիթ ունեցայ յայտարարել Ստեփանակերտում եւ յետագայում արդէն իմ ասուլիսի ընթացքում: Այսօրուայ հանդիպումը գնահատում եմ դրական: Յոյս ունեմ, որ նախագահ Ալիեւն էլ կը գնահատի հանդիպումը դրական», ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետը ընդգծեց, որ երբ կ՛ըսէ, թէ հանդիպումը կը գնահատէ դրական, այդ չի նշանակեր որ հանդիպման կամ խօսակցութեան ընթացքին մէկը յաղթանակ կամ միւսը պարտութիւն արձանագրած է:

«Մինչեւ հիմա շատ ընդունուած է եղել այդպիսի տրամաբանութեամբ մօտենալ խօսակցութիւններին եւ փորձել գալ այն եզրակացութեան, թէ հանդիպմանն ով յաղթեց եւ ով պարտուեց: Այս խօսակցութեան կարեւոր առանձնայատկութիւնն այն է, որ խնդիր չի դրւում դուրս գալ եւ յայտարարել, թէ ես յաղթեցի եւ դիմացինը պարտուեց: Սկսուել է խօսակցութիւն եւ այդտեղ բնականաբար կողմերից իւրաքանչիւրն ունի իր պատկերացումները: Այս կոնֆլիկտն (հակամարտութիւնը-Խմբ.) ունի շատ խորը արմատներ եւ առաջին հերթին ամենակարեւոր արձանագրումը պէտք է լինի այն, որ մենք հասկանում ենք, որ պարզ իրավիճակի հետ գործ չունենք: Սա շատ լուրջ խնդիր է», յայտարարեց Փաշինեան:

Ան աւելցուց, որ տակաւին չի գիտեր, թէ այս հանդիպման եւ խօսակցութեան վերաբերեալ ինչպիսի գնահատական ունի Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ:

«Յոյս ունեմ, որ մեր գնահատականները տեսանելիօրէն եւ շօշափելիօրէն իրարից չեն տարբերուի», յայտարարեց ան:

Վիեննայի մէջ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հանդիպումը իրականացաւ Մինսկի խումբի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ:

Հանդիպումը սկսաւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի մասնակցութեամբ:

Այնուհետեւ Փաշինեան եւ Ալիեւ ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման վերաբերող քննարկումները շարունակեցին առանձնազրոյցի մը ընթացքին: Հանդիպման աւարտին, համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները դարձեալ միացան երկու երկիրներու առաջնորդներուն:

Հանդիպման ընթացքին Փաշինեան եւ Ալիեւ վկայակոչեցին Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, շեշտեցին հրադադարի ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու իրականացման եւ ուղիղ հաղորդակցութեան դրութեան բարելաւման կարեւորութիւնը:

Զրուցակիցները ընդգծեցին բանակցային գործընթացին համար բարենպաստ՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու նպատակով նպաստաւոր մթնոլորտ ձեւաւորելու եւ այդ ուղղութեամբ շօշափելի քայլերու իրականացման կարեւորութիւնը: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ իրականացնելու շարք մը մարդասիրական միջոցառումներ:

Կողմերը հանձնարարեցին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպիլ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ, համաձայնելով շարունակել երկխօսութիւնը:

Նշենք, որ Վիեննայի «Պրիսթոլ» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան-Ալիեւ առանձնազրոյցը տեւեց երկու ժամ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement