Կառավարման Ճիշդ Տարբերակը Խորհրդարանական Համակարգն Է. Իշխան Սաղաթելեան

By Asbarez | Friday, 09 August 2019

0809Ishkhan

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Փաստինֆօ»ի լրագրող Սոնա Գէորգեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան ըսաւ, որ սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելու պարագային, նախ եւ առաջ, պէտք է վերացնել «սուպերվարչապետական ինստիտուտը»։

Յիշեցնենք, որ 6 Օգոստոսին, Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր, որ կը պատրաստուի կազմել յատուկ խումբ՝ Սահմանադրական բարեփոխումներու նպատակով, որուն կազմաւորումը կը նախատեսուի մինչեւ 2020 թուականի Փետրուար։

«Չգիտեմ, թէ ինչ են պատրաստւում փոխել, բայց Արդարադատութեան նախարարութեան մօտ կարծես թէ բնաւորութիւն է՝ ինչ-որ բան են անում, յետոյ յայտարարում, որ արել են՝ առանց մասսայական քննարկման», ըսաւ Սաղաթելեան:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ այս փոփոխութիւններուն նպատակը նաեւ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին հանգուցալուծում տալն է, ՀՅԴ ԳՄի ներկայացուցիչը պատասխանեց. «Չեմ բացառում, բայց, քանի որ չգիտեմ՝ ինչի փոփոխութիւնների մասին է խօսքը, իրենք էլ չեն ասել, յստակ չեմ կարող պատասխանել»:

Սաղաթելեան նշեց, որ եթէ իշխանութիւնները կ՛ուզեն վերադարձնել նախագահական համակարգը, ապա Դաշնակցութիւնը ամբողջութեամբ դէմ է, որովհետեւ կը կարծէ, թէ կառավարման ճիշդ տարբերակը խորհրդարանական համակարգն է, եւ իրենք 25-30 տարի պայքարած են անոր համար: «Իսկ, եթէ ուզում են վերադառնալ հնին, մենք պայքարելու ենք դրա դէմ: Միւս մտադրութիւններին կ՛արձագանգենք, երբ իմանանք ինչ փոփոխութիւններ են նախատեսում: Ամէն դէպքում մենք անտարբեր չենք լինելու, ակտիւ մասնակցութիւն ենք ունենալու այդ պրոցեսին, որովհետեւ դա մեզ համար շատ կարեւոր է:

Սահմանադրութիւնը խաղալիք չէ, որ իրենց անձնական շահերը բաւարարելու համար ո՛ր յօդուածը ձեռք չի տալիս փոխեն, դա մեզ համար անընդունելի է», ըսաւ Իշխան Սաղաթելեան։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement