Ապօրինի Որդեգրման Դէպքերով Հարուցուած Քրէական Գործը Փոխանցուեցաւ Քննչական Կոմիտէ

By Asbarez | Saturday, 23 November 2019

1123Aborini

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».- Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդած է, որ ապօրինի որդեգրման դէպքերով յարուցուած քրէական գործը փոխանցուած է Հայաստանի քննչական կոմիտէի։

Նախորդ շաբաթ բացայայտուած էին Հայաստանի օրէնսդրութեան կոպիտ խախտմամբ օտարերկրացիներուն կողմէ բազմաթիւ երեխաներու որդեգրման դէպքեր, որոնց առիթով ալ յարուցուեցաւ քրէական գործ՝ համապատասխան յօդուածներով:

«Սիվիլնէթ»ի համաձայն՝ նման գործընթաց մը սկսած է 2009 թուականին, երբ որոշ պաշտօնատարներ Հայաստանի մէջ գործող մանկատուներէն մէկուն մէջ գտնուող երեխայի մը որդեգրումը կազմակերպելու նպատակով օգտագործած են տուեալ երեխային ծնողքին կողմէ գրուած հաստատագիր՝ երեխային խնամքէն հրաժարելու եւ որդեգրման համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ։ Մինչդեռ աւելի ուշ պարզուած է, որ նման բան չեն ստորագրած երեխային ծնողները, իսկ եղածը կեղծիք է։

Այլ մանուկի մը պարագային, ըստ նախնական տուեալներուն, Հայաստանի մանկատուներէն մէկուն տնօրէնութիւնը օգտագործած է ծնողքին կողմէ գրուած դիմում՝ ուղղուած մանկատան տնօրէնին՝ իր երեխային խնամքէն հրաժարելու եւ որդեգրման համաձայնութիւն տալու մասին։ Դիմումը ստորագրած են նաեւ մանկատան որոշ աշխատակիցներ՝ հաստատելով, որ իրենք եւս ականատես եղած են այս գործողութեան։ Մինչ այդ, աւելի ուշ բացայայտուած է, որ երեխային ծնողքը ո՛չ միայն նման զիջումնագիր չէ ստորագրած, այլ անոր վրայ նշուած թուականին Հայաստան չէ գտնուած իսկ։

Կան նաեւ կասկածներ, որ այս դէպքերուն ետին ըլլան դուրսի հետ աշխատող անձեր, որոնք կը կատարեն երեխաներու վաճառք կամ օրկաններ կը ծախեն։

Այս գիծով նախաքննութիւնը կը շարունակուի։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement